#NotAlone Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ երեսուն նոպէլեան Մրցանակակիրներ աշխարհը եղբայրութեան հրաւիրելու համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 5 յունիսին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ “Not alone” մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթէն ներշնչուած համաշխարհային հաւաքի ներկայացումը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 10 յունիսին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ եւ որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։
Մարդկային եղբայրութեան վերաբերեալ հաւաքի օրը բաժնուած է երկու մասերու, առաջին մասը՝ առաւօտեան, տեղի պիտի ունենայ հինգ աշխատանքային խումբերու միջեւ հանդիպում, որուն մաս կը կազմեն նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներ, ապա երկրորդ մասը յետմիջօրէին, որուն ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապին պիտի ներկայացուին աշխատանքային խումբերու կողմէ պատրաստուած փաստաթուղթը ու սկիզբ պիտի տրուի համընդհանուր մարդկային եղբայրութեան համար ստորագրահաւաքին։
Մարդկային եղբայրութեան համաշխարհային հաւաքը կազմակերպուած է Վատիկանեան մարդկային եղբայրութեան հիմնադրամին կողմէ՝ համագործակցութեամբ Սուրբ Պետրոսի տաճարի, մարդկային եղբայրութեան համապարփակ ծառայութեան համար վերատեսչութեան, ինչպէս նաեւ հաղորդամիջոցներու վերատեսչութեան, խթանելու համար եղբայրութեան երկխօսութեան, խաղաղութեան մշակոյթը, ինչպէս նաեւ միաւորելու համար աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած, անձնաւորութիւններ եւ երիտասարդները, որոնց շարքին նաեւ Ռուս եւ Ուքրանացի երիտասարդներ, որոնք հաւաքի աւարտին, ձեռքի ձեռքի բռնած պիտի հաւաքուին Սուրբ Պետրոսի տաճարի սիւնաշարին շուրջը, որպէս եկեղեցւոյ տիեզերական ողջագուրումի ճարտարապետական խորհրդանիշ։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սուրբ Պետրոսի տաճարի մեծերեց, կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին խօսելով համաշխարհային հաւաքի նպատակին մասին նշեց, թէ հաւաքին նպատակն է հնչեցնել եղբայրութեան բառը Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ինչպէս նաեւ աշխարհի 8 տարբեր հրապարակներէն, որպէսզի եղբայրութիւնը ներթափանցէ մշակոյթին մէջ եւ մարդկանց ուշադրութեան եւ սիրտերուն հասցնել, որ ողջ մարդկութիւնը հիմնականօրէն եղբայրներ են, որովհետեւ անոնք մէկ մարդկութեան եղբայրակիցներ են։
Յայտնենք, թէ Մարդկային եղբայրութեան նուիրուած համաշխարհային հաւաքի օրուան ընթացքին ելոյթներ եւ վկայութիւններ պիտի փոխանցեն նաեւ բազմաթիւ արուեստագէտներ, որոնք շարքին, Իտալացի եւ միջազգային համբաւ ունեցող երգիչներ եւ դերասանները։ Հաւաքի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ մարդկային եղբայրութեան պաշտպանութեան, շրջակայ միջավայրի վերաբերող հաստատութիւններուն եւ մեծ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք ելոյթ պիտի ունենան եւ պիտի զրուցեն իրենց ընտրանքներու մասին ինչպէս նաեւ իրենց ստանձնած յանձնառութիւններուն մասին, միտուած եղբայրութեան մշակոյթի կառուցման։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ