Գերապայծառ Կալլակեր. «Խաղաղութիւն վերակառուցելը սիրոյ եւ հաստատամտութեան հարց է»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«16 ամսեայ պատերազմի ողբերգական թատերաբեմէն ներս, Ուքրանիոյ ժողովուրդին տոկունութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ապրելու եւ յոյս տալու տենչը աւելի զօրաւոր է որեւէ կործանիչ բնազդէն, որ մահ եւ յուսահատութիւնը կը սերմանէ, որովհետեւ մարդու սիրտի խորութեան մէջ բարին՝ թէեւ խեղդուած մահէն, չկրնար երբեք ամբողջութեամբ կործանուիլ ու պատրաստ կը մնայ վերստին ծնելու»։ Այս եղաւ Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ յարաբերութիւններուն քարտուղար Արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչար կալլակերի, Լոնտոնի մէջ Ուքրանիոյ վերականգնման միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին արտասանած ելոյթին առանցքը։
Գերապայածառ Կալլակեր իր ելոյթին մէջ հերոսական նկատեց այն բոլոր անձերուն կեցուածքը, որոնք ստիպուած իրենց տուները կը ձգեն ու հարմար պահուն կը վերադառնան կամ կ՝ոգեւորուին վերադառնալու փափաքէն, իրենց հայրենիքը վերակառուցելու համար։
Գերապայծառ Կալլակեր նկատել տուաւ, որ ռմբակոծումներէն յառաջացած նիւթական վնասներու վրայ կ՝աւելնան նաեւ ընտանեկան, ընկերային եւ կրօնային խաւերէն ներս խոր վէրքեր, հետեւաբար Վատիկանի դիւանագէտը անհրաժեշտ նկատեց ենթակառուցուածքներու վերակառուցումը, տեղական տնտեսութիւններու աշխուժացումը, կրթական ու առողջապահական ծրագիրներու ու բոլոր կարեւոր տարրերու մշակումը՝ կայունութիւնը վերականգնելու համար, ինչպէս նաեւ մարդոց հնարաւորութիւն տալու վերականգնելու իրենց կեանքը։
Գերապայածառ Կալլակեր ի վերջոյ շեշտեց, թէ ազգային իսկական վերակառուցումը կը պահանջէ նաեւ խնամել հոգեւոր վէրքերը, դիւրացնել փոխըբռնումը եւ խթանել երկխօսութիւնը, քաջալերելով խաղաղութեան արհեստաւորներ դառնալ՝ Ֆրանչիսկոս Պապին շատ սիրելի արտայայտութիւն մը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ընկերութիւն մը եւ բարի կամքով անձեր, իրենց հմտութիւններով, կարողութիւններով եւ զօրակցութեան հոգիով։
«Խաղաղութեան վերակառուցումը երկարժամկէտ ձեռնարկ մըն է, որ կը պահանջէ, սէր, համբերութիւն, փորձարութիւն եւ քաջութիւն»ըսաւ Գերապայածառ Կալլակեր եզրափակելով իր խօսքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ