Լրատուամիջոցները պէտք է կամուրջներ կառուցեն. Լուպլինօ քաղաքը հիւրընկալած է Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութիւնը
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան Նիուզ
Ունինք ոչ թէ բաժնող, այլ կամուրջներ կառուցող լրատուամիջոցներուն կարիքը, որոնք չպէտք է խոչընդոտներ վեր հանեն, այլ աջակցեն երկխօսութեան։ Այս համոզմունքն արտայայտած են Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէն Անտրէա Թորնիելլին և Վատիկան Ռատիօ - Վատիկան Նիուզի պատասխանատու Մասսիմիլիանօ Մենիքեթթին՝ Լեհաստանի Լուպլինօ քաղաքին մէջ, երեկ՝ մէկ Յունիսին, Յովհաննէս Պօղոս Բ կաթողիկէ համալսարանի կողմէ կազմակերպած հանդիպումի ընթացքին, որու նիւթն էր «Ժամանակակից լրատուամիջոցները և արհեստագիտութիւնները Եկեղեցւոյ հաղորդակցութեան մէջ»:
Ճշմարտութեան եւ վկայութեան կարեւորութիւնը տեղեկատուութեան մէջ
Ճշմարտութեան եւ մարդկանց կեանքի վկայութեան վրայ հիմնուած տեղեկատուութեան տարածման կարևորութիւնը շեշտելով, Թորնիելլին նշած է, որ. «բախուելով մարդկանց կեանքի փորձին մենք աւելի մեծ յարգանք կը տածենք անոնց նկատմամբ, նոյնիսկ եթէ համաձայն չըլլանք անոնց սկզբունքներուն հետ», եւ յիշեցուցած, որ Աւետարանը տարածուած է ամենէ առաջ՝ շնորհիւ «Յիսուսով հրապուրուած եւ գրաւուած» մարդկանց վկայութեան։
Ի ցոյց դնել յանուն եղբայրութեան եւ խաղաղութեան իրականացուող ջանքերը
Մենիքեթթին, իր հերթին, ընդգծած է, որ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան գործունէութեան կարեւոր կողմերէն մին աշխարհի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները Եկեղեցւոյ վարդապետութեան ուսմունքի տեսանկիւնէն պատմելն է, այսինքն, բացատրած է ան. «եթէ, օրինակ, ռումբը պայթի Ուքրանիոյ մէջ, կը տեղեկացնենք աւերածութիւններու մասին, բայց միևնոյն ժամանակ ցոյց կու տանք, թէ ով կ’օգնէ, ով կ’աշխատէ ի շահ այլ մարդկանց՝ յանուն խաղաղութեան, յանուն եղբայրութեան, ներառելով դիւանագիտութեան ջանքերը, հնարաւոր լուծումները»։
Հանդիպումի ընթացքին ելոյթ ունեցած է նաեւ Կաթողիկէ համալսարանի ռեկտորը՝ փրոֆեսոր Միրոսլավ Քալինովսքին, որ յիշատակած է Յովհաննէս Պօղոս Բի դերը աշխարհի առաջ բացուելու և ճշմարտութիւնը փոխանցող հաղորդակցութեան միջոցներու խրախուսման գործին մէջ։
Հանդիպումին մասնակցած են բազմաթիւ ուսանողներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ