Որոնել

2023.06.20 'Instrumentum laboris' della XVI Assemblea Generale Ordinaria del Sinodo dei Vescovi

Սիւնհոդոսի Աշխատանքային թղթածրարը բոլորի ձայնով փորձառութիւն. Կարդինալ Կրէք

Յառաջիկայ Հոկտեմբերին նախատեսուած սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարի ներկայացման առիթով Սինոդի ընդհանուր քարտուղարը զայն բնորոշեց «ամբողջ եկեղեցւոյ պտուղ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սիւնհոդոսի Աշխատանքային թղթածրարը «նման է խոհարարական գիրքի. Խոհարարները զայն կը ստանան մի քանի բաղադրիչներու հետ միասին. անոնց առաքելութիւնն է հաւաքել տարբեր բաղադրիչները՝ բաւարարելու համար տարբեր ճաշակները, շնորհիւ Սուրբ Հոգիին, որ զանոնք կ՛առաջնորդէ` «գտնելու սնունդի նոր ներդաշնակութիւնը»: Անիկա փաստաթուղթ մըն է «ամբողջ Եկեղեցւոյ մասին, որ չէ գրուած գրասեղանի վրայ, այլ այնտեղ բոլորն ալ համահեղինակներ են՝ իւրաքանչիւրը Եկեղեցւոյ մէջ ունեցած դերակատարութեան իր մասով»:

Այսպէս արտայայտուեցան` Եպիսկոպոսներու ԺԶ սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող` Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխը, եւ Եպիսկոպոսներու Սինոդի ընդհանուր քարտուղար` Կարդինալ Մարիօ Կրէքը, Երեքշաբթի` 20 Յունիսին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացնելով «Ի սպաս Սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ. Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն, առաքելութիւն» բնաբանով եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի Աշխատանքային Թղթածրարը։ Սիւնհոդոս` որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, 4էն 29 հոկտեմբեր 2023 ին եւ պիտի շարունակուի յաջորդ տարի` 2024ին։

Մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցաւ նաեւ` Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութեան խորհրդատու` Հայր Ճաքոմօ Քոսթան, որ ներկայացուց Սիւնհոդոսի Ընդհանուր հաւաքի մեթոդաբանութիւնը։

Թղթածրարը «սիւնհոդոսականութեան մասին աստուածաբանական պայմանագիր մը չէ

Կարդինալ Հոլլերիխը բացատրեց, թէ թղթածրարը «սիւնհոդոսականութեան մասին աստուածաբանական պայմանագիր մը չէ» այլ «պտուղը` Եկեղեցւոյ փորձառութեան, ճանապարհորդութեան, որուն մէջ բոլորս աւելիով սորվեցանք» եւ ուր «ոչ մէկուն ձայնը կը պակսի. սկսեալ Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդէն, հովիւներէն` որոնք իրենց մասնակցութեամբ երաշխաւորեցին եկեղեցական զատորոշումը, մինչեւ Քահանայապետը, որ մշտապէս մեզի կ՛ընկերանայ, թիկունք կը կանգնի եւ կը քաջալերէ յառաջ ընթանալու»։

Ի՞նչ շօշափելի քայլեր անհրաժեշտ են՝ հանդիպելու համար այն մարդկանց

Անիկայ «պատասխաներ չի տար, այլ հարցադրանքներ կ՛ուղղէ»։ «Իսկական սիւնհոդոսական եկեղեցի մը` պէտք է կարողանայ պատասխանել այսօրեայ մարդուն շատ հարցադրանքներուն». շեշտուեցաւ զեկոյցի ընթացքին։ Փաստաթուղթին մէջ ներկայացուած հարցերու շարքին կայ. «Ի՞նչ շօշափելի քայլեր անհրաժեշտ են՝ հանդիպելու համար այն մարդկանց, որոնք իրենց սեռականութեան պատճառով իրենք զիրենք դուրս կը զգան Եկեղեցիէն (օրինակ՝ ամուսնալուծած և նորէն ամուսնացած, բազմա-ամուսնութեան մէջ գտնուող մարդիկ, ԼԳԲՏՔ+ մարդիկ և այլն):

Թղթածրարը «սերմ `որ կարող է առատ պտուղներ տալ»

Կարդինալ Կրէքը ապա փաստաթուղթը ներկայացուց որպէս «սերմ` որ կարող է առատ պտուղներ տալ» ու թէ ան սկիզբ չ՛առնէր յառաջիկայ հոկտեմբերին այլ սկիզբ առած է 10 հոկտեմբեր 2021ին` Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունեցած բացման արարողութեամբ, որուն յաջորդեցին երկու փուլեր` տեղական եկեղեցիներու սիւնհոդոսը ապա տարածաշրջանային փուլը։

Միասին քալելու ժամանման եւ մեկնարկի կէտ

Աշխատանքային թղթածրարը «միասին քալելու ժամանման կէտ» է, որ մեզի կը ներկայացնէ նաեւ «Սինոդի երկրորդ փուլի մեկնարկային կէտը՝ 2023 թուականի հոկտեմբերի և 2024 թուականի հոկտեմբերի կրկնակի վեհաժողովներուն» նշեց ի միջի այլոց Կարդինալ Կրէքը հաստատելով որ «Սիւնհոդոսի եզրակացութիւնները տակաւին չեն գրուած» ու թէ թղթածրարին մէջ պարունակուած են երկու տարուայ «ունկնդրութեան» թեմաները, որոնք պտուղն են բազմաթիւ անձերու ապրած անհատական եւ հասարակական փորձառութեան։

Սուրբ Հոգիին առաջնորդութիւնը

«Եկեղեցին սիւնհոդոսի մէջ է։ Ջանալով միասին քալել փորձարկեցինք քալելու նոր արուեստ մը, առաջնորդուած Սուրբ Հոգիէն» եւ այս մէկը «Եկեղեցական փորձառութիւն մըն է» որ որպէս մեթոտ ունի «Սուրբ Հոգիին մէջ երկխօսութիւնը» ընդգծեց ի միջի այլոց Կարդինալ Հոլլերիխը հաստատելով, որ այդ երկխօսութիւնը պիտի ըլլայ նաեւ «զատորոշումի հիմնական գործիքը»։

370 մասնակիցներ. Սիւնհոդոսի վայրը` Պօղոս Զի անուան դահլիճը

Սիւնոհոդոսին մասնակցողներուն թիւը` 370 է 2018ին գումարուած սիւնհոդոսի բաղտատմամբ գրեթէ 100 հոգի աւելի։ Մինչ նիստերուն ընթացքին նախատեսուած պիտի ըլլան երեք փուլեր` իւրաքանչիւրը առիթ պիտի ունենայ նախ արտայայտուելու իր միտքը եւ խօսելու սիւնհոդոսի պատրաստութեան ժամանակ ապրած իր փորձառութեան մասին, ապա երկրորդ անգամ խօսք առնելով պիտի արտայայտէ իր զգացումները ապրուած Սուրբ Հոգիի ձայնին ներքոյ, հուսկ պիտի բացայայտուին «խօսակցութեան ընթացքին ի յայտ եկած հիմնական կէտերը և պիտի քաղուին ընդհանուր աշխատանքի պտուղները ՝ հաշուի առնելով նաեւ դէպի գործողութիւն անցումը»: Ի բաղդատութիւն անցեալին այս անգամ նախատեսուած են յաւելեալ «հասարակական աղօթքի պահեր» եւ «ծիսական արարողութիւններ» բացի աղօթքներէն` որոնցմով բացումը ու փակումը կը կատարուի իւրաքանչիւր նիստի։

Սիւնհոդոսի նիստերը տեղի պիտի ունենան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, որ բաւականին մեծ է հիւրընկալելու համար բոլոր մասնակիցները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2023, 08:00