Որոնել

2022.10.10 Il Sinodo dei vescovi

Սիւնհոդոս․ Եկեղեցի, որ կը հիւրընկալէ բոլորը առանց վերացնելու զանազանութիւները

Լոյս տեսաւ յառաջիկայ Եպիսկոպոսներու Սինոդի աշխատանքներու համար ուղեցոյց հանդիսացող աշխատանքային թղթածրարը
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Այսօր՝ 20 Յունիսին հրապարակուեցաւ «Յանուն Սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ. հաղորդութիւն, մասնակցութիւն, առաքելութիւն» բնաբանով Եպիսկոպոսներու Սինոդի ԺԶ Ընդհանրական Ժողովի աշխատանքային թղթածրարը (Instrumentum laboris):

Ժողովի առաջին նստաշրջանը պիտի կայանայ 2023 թուականի Հոկտեմբերի 4էն 29ը Վատիկանի մէջ, ու պիտի շարունակուի 2024 թուականին։

Այս սկզբնական փաստաթուղթը կ՛ամփոփէ ամբողջ աշխարհի թեմերու վերջին երկու տարիներուն փորձը՝ սկսած 2021 թուականի Հոկտեմբեր 10էն, երբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ ուղիի մը՝ հասկնալու թէ ի՞նչ քայլեր ձեռնարկուած են «որպէս սինոդալ Եկեղեցի աճի համար»։

Նոյն օրը՝ Յունիս 20ին վերոնշեալ աշխատանքային թղթածրարը ներկայացուեցաւ Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակին մէջ։ Այն կազմուած է բովանդակային բաժիններէն եւ տասնհինգ բացատրական թուղթերէն, որոնք կը բացայայտեն «Սիւնհոդոսականութեան» բուն հայեցակարգի տեսլականը:

Փաստաթուղթի երկու մեծ՝ Ա եւ Բ բաժիններէն առաջինը՝ կ՛անդրադառնայ «Յանուն Սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ» ճանապարհին վերջին երկու տարիներու կուտակած փորձին, մինչ երկրորդը՝ կ՛ընդգծէ Սինոդի հոկտեմբերեան Ժողովի երեք առաջնահերթ խնդիրները՝ «հաղորդութիւն, մասնակցութիւն, առաքելութիւն»՝ երեք հիմնական նիւթերով։

- աճիլ հաղորդութեան մէջ՝ ընդունելով բոլորին,

- ճանչնալ և գնահատել իւրաքանչիւր մկրտուած անձի ներդրումը առաքելութեան մէջ,

- բացայայտել կառավարման կառոյցներն ու շարժողականութիւնը՝ ժամանակի ընթացքին յստակեցնելով միսիոներական սինոդալ Եկեղեցւոյ մէջ մասնակցութեան ու իշխանութեան առնչուող հարցերը:

Այս համատեքստի մէջ կ՛արմատանայ «աւելի սինոդալ Եկեղեցի ըլլալու ցանկութիւնը նաեւ անոր հաստատութիւններէն, կառոյցներէն և ընթացակարգերէն ներս»: Սինոդալ Եկեղեցին ամենէն առաջ «ունկնդրող Եկեղեցի» է, որ «կը ցանկանայ խոնարհ ըլլալ և գիտէ, որ պէտք է ներողութիւն խնդրէ և սորուելու շատ բան ունի», գրուած է աշխատանքային թղթածրարին մէջ։

Փաստաթուղթին մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ «բազմաթիւ համատեքստներու մէջ սեռական, տնտեսական, իշխանութեան և խղճի չարաշահման հետ կապուած ճգնաժամերը ստիպած են Եկեղեցւոյ կատարել խղճի պահանջկոտ քննութիւն, որպէսզի Սուրբ Հոգւոյն գործողութեան ներքոյ չդադարի անոր վերանորոգումը, ապաշխարութեան և դարձի ուղեւորութեան ժամանակ, որ ուղիներ կը բանայ դէպի հաշտութիւն, բժշկութիւն և արդարութիւն»:

Սինոդալ Եկեղեցին նաեւ «հանդիպման և երկխօսութեան Եկեղեցի է» այլ կրօններու, այլ մշակոյթներու ու հասարակութիւններու հաւատացեալներուն հետ:

Եկեղեցի մըն է, որ «չի վախնար բազմազանութենէ», այլ «կը գնահատէ այն՝ առանց միօրինակութիւն պարտադրելու»։ Եկեղեցի մը` որ անդադար կը սնուի պատարագի ընթացքին մատուցած խորհուրդով՝ «ամէն օր արմատական​​միասնութիւն ապրելով նոյն աղօթքի, ինչպէս նաեւ լեզուներու և ծէսերու «բազմազանութեան» մէջ» կը կարդանք միշտ Instrumentum laboris-ի փաստաթուղթին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2023, 14:30