Որոնել

Երիթրէայցի կանայք Երիթրէայցի կանայք  (AFP or licensors)

Սուրբ Երկիրը, Իրանը, Թուրքիան եւ Էրիթրէյան ROACO-ի 96-րդ ընդհանուր նիստին կեդրոնական նիւթը

Կարդինալ Փարոլին իր ելոյթին մէջ պիտի ներկայացնէ Ուքրանիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական գործունէութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Արեւելեան եկեղեցիներու վերատեսչութիւնը հրապարակելով յայտարարութիւն մը տեղեկացուց, որ ROACO-ի, Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական հաստատութիւններու 96-րդ նիստը սկիզբ առաւ երկուշաբթի, 19 յունիսին եւ վերջ պիտի գտնէ հինգշաբթի, 22 յունիսին «La Salle» տան մէջ։

Յայտարարութեան մէջ նշուած օրակարգի համաձայն, երեքշաբթի, 20 յունիսին, առաւօտեան ժամը 8.30ին, Արեւելեան եկեղեցիներու վերատեսուչ եւ ROACO-ի նախագահ, Արքեպիսկոպոս Քլուատիօ Կուճերոթթիի նախագահութեամբ կը մատուցուի սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին աղօթք պիտի կատարուի խաղաղութեան համար եւ պիտի յիշուին ապրող եւ վախճանած բարերարները, Տիրոջ եւ Սուրբ Աստուածածնի բարեխօսութեան վստահելով նիստերու իրականացումը, մասնաւորապէս նիստերու առնչուող երկիրները, որոնք կը շարունակեն տառապիլ պատերազմի, քաղաքական եւ ընկերային անկայունութեան հետեւանքներէն։

Երեքշաբթի, առաւօտեան նիստը պիտի եզրափակուի, Կարդինալ Փարոլինի ելոյթով, որ պիտի ներկայացնէ Սուրբ Աթոռի՝ Ուքրանիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի վերաբերող դիւանագիտական գործունէութիւնը։

Երեքշաբթի, յետմիջօրէին, նիստի կեդրոնական նիւթ պիտի հանդիսանայ Իրանի եւ Թուրքիոյ կացութիւնը։

Չորեքշաբթի, 21 յունիսին, նախատեսուած է այն երիտասարդներու ունկնդրութիւնը, որոնք Հռոմ եկած են Արեւելեան եւ Լատինական եկեղեցիներու 13 երկիրներէն։

16էն – 23 յունիսին, Հռոմ կեցութեան ընթացքին 30 երիտասարդներ կը մասնակցին Church Sharing the Journey with the Young: Youth Actors for the Common Good նիւթով ժողովին։ Անոնք առիթ ունին նաեւ իրար զիրար ճանչնալու, աղօթելու եւ այցելելու՝ Հռոմ մայրաքաղաքը, վերջապէս իրենց մտածումները կիսելու ընդհանուր նիստի մասնակիցներու հետ՝ ընդհանուր բարիքը խթանելու մասին։

Հինգշաբթի, 22 յունիսին ընդհանուր նիստի աւարտին, նախատեսուած է նիստի մասնակիցներուն Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2023, 13:51