Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ ինը խորհրդատու կարդինալներու խորհուրդի ժողովը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ ինը խորհրդատու կարդինալներու խորհուրդի ժողովը 

Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ ինը խորհրդատու կարդինալներու խորհուրդի հերթական ժողովը

Ինը Խորհրդատու կարդինալներու խորհուրդը հիմնուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքով 28 սեպտեմբերի 2013ին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ 26 յունիսին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ներկայութեամբ սկիզբ առաւ ինը խորհրդատու կարդինալներու խորհուրդի ընդհանուր նիստը։

2013ին, քահանայապետին կողմէ հիմնուած Պապին ինը խորհրդատու կարդինալներու խորհուրդի վերջին նիստը գումարուեցաւ անցեալ ապրիլ ամիս, խորհուրդին անդամներու վերանորոգումէն ետք։

Ինը խորհրդատու կարդինալներուն խորհուրդի վերջին ժողովը տեղի ունեցաւ անցեալ 24 եւ 25 ապրիլին, միշտ Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ։ Ժողովի ընթացին քննարկումի նիւթ եղան աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ բռնկուած պատերազմներու կացութիւնը, համայն եկեղեցւոյ կողմէ խաղաղութեան կառուցման համար միասնաբար աշխատելու կարեւորութիւնը եւ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամիս կայանալիք սինոդի նախապատրաստական աշխատանքները ու առաքելական սահմանադրութեան իրագործումը, որ հրապարակուեցաւ 19 մարտ 2022ին։

Ինը Խորհրդատու կարդինալներու խորհուրդը հիմնուած է Ֆրանչիսկոս Պապին 28 սեպտեմբերի 2013ին ինքնագիր նամակով, ունենալով որպէս պարտականութիւն օգնել Քահանայապետին Տիեզերական եկեղեցւոյ կառավարման մէջ եւ ուսումնասիրել Հռոմի Քուրիայի վերանայման նախագիծ մը, որ իրականացուեցաւ Praedicate Evangelium Առաքելական սահմանադրութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2023, 14:28