Որոնել

Վատիկանի պետական քարտուղարի տեղակալ Գերապայծառ Էտկա Փենա Փառա Վատիկանի պետական քարտուղարի տեղակալ Գերապայծառ Էտկա Փենա Փառա 

Գերապայծառ Փառա. «Եկեղեցին թող բարիք սերմանէ, յուսանք Եւրոպայի եւ աշխարհի մէջ խաղաղութեան պտուղներուն»

Վատիկանի Պետական քարտուղարի տեղակալի այցելութիւնը Ֆապրիանօ քաղաք եւ հարցազրոյցը In Terris լրատուամիջոցի հետ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղարի տեղակալ, գերապայծառ Փենա Փառա, շաբաթ, 24 յունիսին, Իտալիոյ Ֆապրիանօ քաղաքին մէջ վերաբացումը կատարեց երկրաշարժէն քանդուած ապա վերաշինուած մայր Տաճարին։ Արքեպիսկոպոս Փառա Ֆապրիանոյի մէջ այցելեց նաեւ մարդավաճառութեան զոհերը հիւրընկալող «Ֆրանչիսկոս Պապին տունը ամպերու մէջ» կառոյցը, զոր մատակարարուած է «Յովհաննէս ԻԳ» հասարակութեան կողմէ։

Պետական քարտուղարի տեղակալը In Terris լրատուամիջոցի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին խօսեցաւ խաղաղութեան, գաղթականներուն, խտրականութեան եւ կրօնային ազատութեան նիւթերուն մասին։

Խաղաղութիւն

Զրուցելով խաղաղութեան մասին, գերապայծառ Փառա յիշեց Կարիդնալ Զուփփիի Ուքրանիա կատարած այցելութիւնը նշելով թէ « Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահը Ուքրանիա մեկնեցաւ խաղաղութեան սերմը նետելու համար եւ այդ միեւնոյն զգացումով Մոսկուա պիտի երթայ խաղաղութեան համար պայքարելու նպատակաւ, ըսաւ գերապայծառ Փառա ընդգծելով, որ Եկեղեցւոյ պարտականութիւնը կը կայանայ խաղաղութիւն սերմանելու մէջ եւ ասոր համար Կարդինալ Զուփփին Ուքրանիա ժամանեց «բարիին եւ խաղաղութեան սերմը ցանելու համար։

Մարդավաճառութեան զոհերու տան այցելութիւնը

Վատիկանի պետական քարտուղարի տեղակալը, այցելելով «Ֆրանչիսկոս Պապին տունը ամպերու մէջ» կառոյցը, տան յուշամատեանին մէջ կատարեց հետեւեալ գրառումը, «Այս հասարակութեան մէջ կարելի է փորձարկել, թէ Աստուծոյ սէրը ներկայ է։ Շարունակեցէք ծառայել եւ սիրել Տէրը ողորմութեան կարիքը ունեցող այդ անձերուն դիմագիծին ներքոյ։

Գաղթականներու իրավիճակ

Գերապայծառ Փառա անդրադառնալով գաղթականներու իրավիճակին եւ Միջերկրական ծովուն մէջ հարիւրաւոր անձերուն մահուան ողբերգութիւններուն յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին, նոր կեանք փնտռող անձերը լքելու անարդարութեան դէմ կոչերը, խնդրելով աղօթել եւ պայքարիլ, որպէսզի այդ ողբերգութիւնները չկրկնուին։

«Պէտք ենք երթալ ծագումի երկիրները քիչ մը բարօրութիւն տանելու համար, որովհետեւ այդ ժողովուրդը, որ կը փախչի աւելի լաւ կեանք մը որոնելու համար, ստէպ մահուան կը հանդիպին։

Կրօնային ազատութիւնը եւ խտրականութիւն

Խօսելով Կրօնային ազատութեան եւ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ խտրականութեան կարեւոր հարցերուն մասին, Գերապայածառ Փառա հիմնուելով մինչեւ 2015 թուական Փաքիստանին մէջ իր Պապական նուիրակութեան փորձառութեան վրայ, նշեց թէ քրիստոնեաներու համար յարգանք ստեղծելու միջոցը ողորմածութիւն է ու պէտք է խուսափիլ կրօնապաշտութիւն կատարելէ եւ փոխանցելէ եկեղեցւոյ գաղափար մը, որ տարբեր է Քրիստոսի գաղափարէն։

Այսպէսով ժողովուրդը պիտի կարենայ ըմբռնել, թէ մենք այդ երկրին մէջ կը գտնուինք բարիք կատարելու համար, զիրենք ընկերանալու եւ պաշտպանելու համար։ «Այսպէսով հասարակութիւններու միջեւ աւելի համակեցութիւնը պիտի տիրէ», ըսաւ գերապայծառ Փառա։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2023, 11:27