Որոնել

Նավառօ Վալսի «Իմ տարիներս Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին հետ. Անձնական տեղեկագրութիւններ» գիրքը Նավառօ Վալսի «Իմ տարիներս Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին հետ. Անձնական տեղեկագրութիւններ» գիրքը 

Կարդինալ Փարոլին. «Նավառօ Վալսը մարդասիրութեամբ եւ նկատելի հոգեւոր խորութեամբ մեծ մարդ»

«Իմ տարիներս Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին հետ. Անձնական տեղեկագրութիւններ» վերնագիրով Իտալերէն լեզուով գիրքի ներկայացում, որուն ընթացքին կարդացուեցաւ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 5 յունիսին, Քահանայապետական «Սուրբ Խաչ» անուան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Իմ տարիներս Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին հետ. Անձնական տեղեկագրութիւններ» վերնագիրով Իտալերէն լեզուով գիրքի ներկայացումը, որուն ընթացքին կարդացուեցաւ, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամը, զոր ընթերցեց համալսարանի տեսուչ, Հայր Լուիս Նավառօ։

Գիրքը կը պարունակէ 1984-2006 տարիներուն Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն տիար Նավառօ Վալսի անձնական տեղեկագրութիւններ։ հատորին խմբագիրն է Տիեկօ Քոնդրերաս։

Գիրքին ներկայացումին ընթացքին ընթերցուած պատգամին մէջ Կարդինալ Փարոլին անդրադարձած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին մտերիմ համագործակից, Նավառօ Վալսի նկարագիրին մասին նշելով, թէ Ան եղած է մարդկութեամբ եւ նկատելի հոգեւոր խորութեամբ մեծ մարդ մը, եզակի որակներով օժտուած մասնագէտ, գրագէտ եւ գնահատուած հաղորդավար մը։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հետ խոր փոխ ըմբռնումը

Կարդինալ Փարոլին յիշած է Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին բանբեր, Նավառօ Վալսին առաքելական Աթոռին խոր նուիրուածութիւնը ինչպէս նաեւ Վոթիլա Պապին հետ ունեցած խոր փոխ ըմբռնման յարաբերութիւնները՝ անձնազոհութեամբ ընկերանալով Պապին՝ Սուրբ Պետրոսի պաշտօնի ուրախ եւ ծանր պահերուն ընթացքին։

«Վստահ եմ, որ այս անձնական տեղեկագրութիւններուն ընթերցումը թոյլ պիտի տան մեզի ոչ միայն ընկալելու եկեղեցւոյ պատմութեան վերաբերող անտիպ իրադարձութիւնները եւ շատ սիրելի Լեհ քահանայապետին կեանքը, այլեւ պիտի թոյլատրեն խորապէս մտնելու Անոր հոգեւորականութեան եւ սրբութեան մէջ» գրած է կարդինալ Փարոլին իր պատգամի մէջ աւելցնելով որ »սոյն տեղեկագրութիւններէն յառաջ պիտի գան Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին անձերուն խիղճի ուղղուած կոչը, աղօթքի հրաւէրը, ինչպէս նաեւ առաքելական քաջութիւնը, որուն միջոցաւ Քահանայապետը դիմագրաւեց դժուար ու ծանր կացութիւններ։

Յայտնենք, թէ Սպաներէն լեզուով վերոյիշեալ գիրքի ներկայացումը տեղի ունեցած է անցեալ 24 մայիսին, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցած էր նաեւ Վատիկանի հաղորդամիջոցներու խմբագրական կազմի տնօրէնութեան, փոխ տնօրէն Ալեսանտրօ Ճիզոթթին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2023, 11:26