Որոնել

Ֆաթիմայի մէջ Տիրամօր տաճարը Ֆաթիմայի մէջ Տիրամօր տաճարը  (ANSA)

Ճանչցուեցան Ֆաթիմայի վերջին հովիւ Քոյր Լուչիայի մարտիրոսական առաքինութիւնները

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 22 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն, որուն արտօնութիւն շնորհեց հրապարակելու, Քոյր Լուչիային եւ չորս Աստուծոյ ծառաներու վերաբերող հրամանագիրերը։

Աստուծոյ ծառաներուն եւ աղախիններուն շարքին են Ֆաթիմայի մէջ Տիրամօր երեւման վկայ եւ երրորդ գաղտնիքի պահապան Աստուծոյ աղախին քոյր Լուչիա Տոս Սանթոս, Աստուծոյ ծառայ Մանուէլ Կոնզալէզ Սէրն Ռոտրիկէզ ու անոր 19 քահանայ ընկերները։ Աստուծոյ Ծառայ Անթոնիօ Տէ Ալմէյտա Լուսթոսա, Աստուծոյ ծառայ Անթոնիօ Փականի, Աստուծոյ աղախին Մարի Լանճէ եւ Աստուծոյ աղախին Աննա Քանթափուփօ։

Քոյր Լուչիա ծնած է Ալճուսթրել քաղաք, 28 մարտ 1907ին։ Ան 2017ին, ականատես եղած է Ֆաթիմայի մէջ Սուրբ Կոյս Մարիամի երեւումներուն՝ իր երկու զարմիկներու հետ միասին։ Երկու զարմիկներու մահէն ետք, որոնք 2017ին Սուրբ Հռչակուեցան Ֆրանչիսկոս Պապի օրով, Ան մնաց Տիրամօր փոխանցած պատգամին միակ պահապանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2023, 12:27