Որոնել

2023.06.16 Ruffini, Premio Ozanam 2023

Փաոլօ Ռուֆֆինին արժանացաւ Վինչենցեաններու Ozanam լրագրողական մրցանակին

Ճանաչումը` որ այս տարի շնորհուեցաւ առաջին անգամուան համար ներշնչում կը քաղէ Սուրբ Վինչենցօ Տէ Փաոլիի Ընկերութեան հիմնադիր` Երանելի Antoine-Frederic Ozanamէն, եւ պիտի շնորհուի բոլոր այն լրատուամիջոցներուն եւ մասնագէտներուն, որոնք կը յատկանշուին ընկերային լաւ հաղորդակցութեան մէջ՝ ուշադրութիւն դարձնելով Աւետարանի արժէքներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Վինչենցօ Տէ Փաուլիի ընկերութեան Միջազգային Գլխաւոր Խորհուրդի կողմէ հաստատուած «Ozanam» լրագրողական առաջին մրցանակը շնորհուեցաւ Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինիին` որ է նաեւ առաջին աշխարհական անձը, որ կը վարէ վերոնշեալ պաշտօնը եւ «տարբեր լրատուամիջոցներուն մէջ, յատկապէս տպագիր, ռատիօ և հեռուստատեսութեան մէջ, ունի  մասնագիտական մեծ փորձ»:

«Ozanam» լրագրողական մրցանակին նպատակն է «պարգևատրել լրատւութեան այն մասնագէտները, որոնց գործունէութիւնը յատկանշուած է բարեգործութեան, աւետարանական արժէքներու, Վինչենցեան առաքինութիւններու, բարոյականութեան և ընկերային արդարութեան մասին լուրերու տարածման մէջ»։

Յանուն Երանելի Օզանամին

Մրցանակը ներշնչում կը քաղէ Սուրբ Վինչենցօ Տէ Փաոլիի ընկերութեան հիմնադիր` Երանելի Antoine-Frederic Ozanamէն, որ իր կարգին լրագրող մըն էր եւ «իր ժամանակուայ հաղորդակցութեան միջոցները գործածեց պաշտպանելու համար կաթողիկէ հաւատքը եւ ներկայացնելու աւելի ժողովրդավարական, արդար եւ հաւասար ընկերութեան մը հիմքերը», կը կարդանք մրցանակին հայող հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Օզանամը իր հիմնած «La Nouvelle Ère» պարբերաթերթով եւ գրութիւններով սատարեց` Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան հիմքերը կառուցելու», նշուած է միշտ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ, ուր ապա մատնանշուած է, թէ «այսօր լրատուամիջոցները կը տառապին բազմաթիւ չարիքներու բերումով, որոնց շարքին նաեւ անոնց տնտեսական շահերով ծպտուած քաղաքականացումը, որոնք մարդիկը կը շփոթեն, զանոնք մղելով Աւետարանի արժէքներու հակառակ վարուելակերպերու, անտարբերութիւն ցուցաբերելով կարիքաւորներու եւ ընկերութեան կողմէ անտեսուածներուն նկատմամբ»։

«Ասոր համար «Ozanam լրագրողական մրցանակը» ունի առաքելութիւնը ճանչնալու լաւ լրագրողները, լաւ թերթերը, բարի լուրերը եւ լաւ ընկերային հաղորդակցութիւնը», կը կարդանք միշտ մրցանակին հայող հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2023, 09:33