Որոնել

Սուրբ Պետրոսի գանձանակի աջակցութեան ի նպաստ արշաւի պատկեր Սուրբ Պետրոսի գանձանակի աջակցութեան ի նպաստ արշաւի պատկեր 

Սուրբ Պետրոսի գանձանակ. 107 միլիոն եկամուտը յատկացուեցաւ կարիքաւորներու օգնութեան եւ եկեղեցւոյ համար

Հրապարակուեցաւ Սուրբ Պետրոսի գանձանակի 2022 տարուան հաշուեկշիռը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Պետրոսի գանձանակը տնտեսական օգնութիւն մըն է՝ շնորհաւորուած է քահանայապետին՝ հաւատացեալներուն կողմէ, ի նշան Սուրբ Պետրոսի յաջորդին տիեզերական եկեղեցւոյ բազմաթիւ կարիքներուն հոգածութեան ինչպէս նաեւ բարեսիրական գործունէութիւններուն՝ կարիքաւորներուն հանդէպ

2022 թուականի Սուրբ Պետրոսի գանձանակի եկամուտը կը կազմէ 107 միլիոն եւրօ մինչ ծախսերը՝ 95,5 միլիոն։

Սուրբ Պետրոսի գանձանակը կազմուի Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ աշխարհի բոլոր թեմերէն  ներս կատարուած դրամահաւաքներէն ինչպէս նաեւ Սուրբ Պետրոսի գանձանակի ի նպաստ ժառանգութիւններէն։

Սուրբ Պետրոսի գանձանակի հաւաքածոն ուղղուած է Նորին Սրբութեան տիեզերական առաքելութեան աջակցութեան երկու հիմնական ոլորտներուն. Ֆինանսաւորել վերատեսչութիւններու եւ Սուրբ Աթոռի կազմակերպութիւններուն կողմէ կատարուած ծառայական գործունէութիւնները, որոնք ամէն օր Պապին կ՝աջակցին խթանելով բարեսիրական գործունէութիւններ կարիքաւորներու ի նպաստ։

2022 տարուան ընթացքին Սուրբ Պետրոսի գանձանակէն 77,6 միլիոն եւրօ յատկացուած է Սուրբ Աթոռին կողմէ ծրագրուած գործունէութիւններուն, Նորին Սրբութեան առաքելական ծառայութեան ի նպաստ։ Մինչ 16,2 միլիոն՝ կարիքաւորներուն նկատմամբ անմիջական օգնութեան ծրագիրներուն։

2022 տարուան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Աթոռի վերատեսչութիւններու միջոցաւ նուիրեց 36 միլիոն եւրօ, որոնց 16,2 միլիոնը ֆինանսաւորուած է Սուրբ Պետրոսի գանձանակէն, խթանելով եւ աջակցելով 192 տարբեր ծրագիրներ, աշխարհի 72 երկիրներու մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2023, 13:18