Որոնել

«Օգնէ Պապին որպէսզի Ան օգնէ»․ Յունիս 25ը՝ Քահանայապետի Բարեգործութեան Օր

Սուրբ Պետրոսի գանձանակի միջոցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի օգնութիւնը կը հասնի տառապողներուն
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Կիրակի՝ 2023 թուականի Յունիս 25ին պիտի նշուի Պապի Բարեգործութեան Օրը։

Շնորհիւ ամբողջ աշխարհի հաւատացեալներու աջակցութեան՝ Սրբազան Հայրը առարկայականօրէն մօտ է աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ դժուար իրականութիւններ ապրող անձանց։

«Օգնէ Պապին որպէսզի Ան օգնէ»։ Բազմաթիւ անգամներ լսած ենք Սրբազան Քահանայապետի բարեսիրական նախաձեռնութիւններու մասին։ Նիւթական օժանդակութեան, բժշկական սարքաւորումներ, դեղորայք եւ առաջին անհրաժեշտութեան իրեր գնելու եւ տրամադրելու միջոցաւ Հռոմի Եպիսկոպոսը միշտ ներկայ է աշխարհի տարբեր անկիւններու բարդ իրավիճակներէն ներս։

Առաքելութիւն մըն է, որ սահմաններ չի ճանչնար եւ մշտապէս պահանջուած է նոր հրատապութիւններու համար՝ պատերազմներ, սով, աղքատութիւն, գաղթականութիւն, կլիմայական արտակարգ իրավիճակներ։ Այս բազմաթիւ եւ բազմատեսակ կարիքներուն Պապը կ’արձագանքէ շնորհիւ Սուրբ Պետրոսի Գանձանակին։

2022ի Յունիսին հրապարակուած տարեկան հաշուետուութեան համաձայն՝ ֆինանսաւորուած է 157 ծրագիր՝ 67 երկիրներու մէջ, որմէ՝ 41,8 առ հարիւրը՝ Ափրիկէի, 23,5ը՝ Ամերիկայի, 25,5ը՝ Ասիայի մէջ:

Անոնք, որ նուիրաբերութիւն կը կատարեն Գանձանակին, կ’օգնեն Քահանայապետին օգնելու տառապողներուն։ Ոչ միայն՝ կը մասնակցին ամբողջ աշխարհի մէջ Աւետարանը հռչակելու Անոր առաքելութեանը եւ որպէսզի Անոր ձայնն ու ուղերձը հասնին աշխարհի ամենահեռաւոր անկիւնները՝ ռատիոյի, հեռուստատեսութեան եւ համացանցի միջոցով: Եւ աւելին, կը դառնան Պապի համագործակիցը տեղական Եկեղեցիներուն՝ Սուրբ Աթոռի վերատեսչութիւններու և Առաքելական նուիրակներու ցանցի միջոցաւ, ցուցաբերուող ծառայութեան մէջ, այդպիսով աջակցելով մարդկային համապարփակ զարգացման, կրթութեան, խաղաղութեան, արդարութեան, ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան խթանումին ուղղուած նախաձեռնութիւններուն՝ նպաստելով որպէսզի լռեն զէնքերը եւ երկխօսութեան թելերն ամենուր նորէն հանգոյցներ կազմեն:

Պապի Բարեգործութեան Օրը՝ կիրակի՝ 25 Յունիսին, ինչպէս նաեւ տարուայ մէջ ցանկացած այլ օր հնարաւոր է նուիրաբերութիւններու միջոցաւ «օգնել Պապին օգնելու»՝ ստորեւ թուարկուող եղանականերով․

1.  Սուրբ Պետրոսի Գանձանակի բանկային հաշիվ․

“Obolo di San Pietro” presso FinecoBank S.p.A.

IBAN: IT 52 S 03015 03200 000003501166

Codice BIC/SWIFT beneficiario: FEBIITM1

(վճարման հիմքի մէջ նշել ամբողջական տուեալները՝ անուն, ազգանուն, հասցէ)

2. Օգտագործելով Credit Card

www.obolodisanpietro.va կայքին միանալով կամ QR Codeի միջոցաւ

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2023, 11:27