Որոնել

Ukraine's President Zelenskiy welcomes Italian Cardinal Zuppi in Kyiv

Կարդինալ Ծուփիի խաղաղութեան առաքելութիւնը Քիեւի մէջ

5 Յունիսին Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի սկիզբ տուաւ Քահանայապետին կողմէ իրեն յանձնուած Ուքրանիոյ հակամարտութեան խաղաղութեան առաքելութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին պատուիրակ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիին դէպի Քիեւ խաղաղութեան առաքելութիւնը սկիզբ առաւ 5 Յունիսին ու աւարտեցաւ 6 Յունիսին ու յատկանշուեցաւ աշխատանքային հանդիպումներու ու նաեւ աղօթքի պահերով, նպատակ ունենալով «ձեռք բերել արդար խաղաղութիւն մը ու թիկունք կանգնիլ մարդասիրական արարքներուն թուլացնելու համար լարուածութիւնը» ինչպէս գրուած էր Կարդինալ Ծուփփիի ճամբորդութեան նախօրեակին հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ։ 

«Իր կեցութեան ընթացքին` 6 Յունիսին Կարդինալ Ծուփփին յատուկ աղօթք մը կատարեց նաեւ Սրբուհի Սոֆիա պատմական եկեղեցւոյ մէջ» կը կարդանք Սուրբ Աթոռի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ուր նաեւ նշուած է` որ «իր այս առաքելութեան աւարտին Կարդինալ Ծուփփին շնորհակալութիւն կը յայտնէ քաղաքացիական Իշխանութիւններուն, տեղի ունեցած հանդիպումներուն համար ու մասնաւորապէս Նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպման համար»։

«Այս բանակցութիւններուն արդիւնքները, ու նաեւ անոնց` որոնք տեղի ունեցան  կրօնական ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս նաև տակաւին շարունակուող պատերազմի պատճառաւ ուքրանացի ժողովրդի դաժան տառապանքներու հետ անմիջական փորձառութիւնը, պիտի ներկայացուին Սրբազան Պապին ուշադրութեան և, անշուշտ, օգտակար պիտի ըլլան գնահատելու համար քայլերը, զոր պէտք է շարունակել իրականացնել ինչպէս մարդասիրական մակարդակով, այնպէս ալ արդար և կայուն խաղաղութեան ուղիներու որոնումներով», գրուած է միշտ Սուրբ Աթոռի կողմէ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիի խաղաղութեան առաքելութեան մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք թէ հանդիպումներու շարքին Կարդինալ Ծուփփին տեսակցեցաւ Տիար Տմիթրօ Լուպինէդսի հետ` Մարդկային Իրաւունքներու պաշտպան, անոր հետ քննարկելով ռուսական բանակի հսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու մէջ ուքրանացի մանուկներուն հարցը ու նաեւ բանտարկեալներուն հարցը։  

Կարդինալ Ծուփփին հանդիպում ունեցաւ նաեւ Եկեղեցիներու Խորհուրդի անդամներուն հետ ու  կրօնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2023, 08:00