Որոնել

Կարդինալ Քրայեւսքիի այցելութիւնը Ուքրանիա Կարդինալ Քրայեւսքիի այցելութիւնը Ուքրանիա 

Կարդինալ Քրայեւսքին հասաւ Խերսոն քաղաք. «Աւետարանական առաքում»

Կարդինալ Քրայւեքիին յայտարարութեան համաձայն, չէ նախատեսուած դէպի Վատիկան իր վերադարձի թուականը, իրեն համար կարեւոր նպատակը այն է մօտիկ գտնուիլ ժողովուրդին՝ յանուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Բարեգործական Ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ, կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքի բեռնակառքով մը փոխադրուեցաւ Ուքրանիոյ Խերսոն քաղաք, սննդեղէն եւ յատուկէն դեղորայք տանելով ամբարտակի կործանումէն տառապող անձերուն։

Կարդինալ Քրաեւսքին Ուքրանիոյ մէջ պիտի այցելէ նաեւ Օտէսա եւ Միքոլայվ քաղաքները, ժողովուրդին հետ հանդիպելու ու անոնց Ֆրանչիսկոս Պապին սէրն ողջագուրումը փոխանցելու համար։

Վեցերորդ անգամն է, որ Կարդինալ Քրայեւսքի կը մեկնի Ուքրանիա

Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրին հետեւելով, սա վեցերորդ անգամն է, որ Կարդինալ Քրայեւսքի կը մեկնի Ուքրանիա օգնութիւն եւ մխիթարութիւն փոխանցելու համար տառապող ժողովուրդին, սահմանելով սոյն առաքելութիւնը «Աւետարանական առաքում» ։

Կարդինալ Քրայեւսքի բեռնակառքով Խերսոն քաղաք փոխադրուեցաւ, Հռոմէն մեկնելով 22 յունիսին, օգնութիւն տանելու համար Խախովքա քաղաքի ամբարտակի կործանումէն ետք ջրհեղեղի պատճառով քանդուած աւելին քան 80 գիւղեր։

Կարդինալ Քրայեւսքի այցելեց նաեւ Լեփոլի քաղաք մօտակայքը գտնուող Drohobych շրջանը ուր այցելութիւն տուաւ յոյսն կաթողիկէ մարդասիրական կեդրոնին, ուր հիւրընկալութիւն եւ օգնութիւն կը շնորհուի կարիքաւորներուն։

Կարդինալ Քրայեւսքի այցելեց հակառակ ծանր ռմբակոծումներուն, տակաւին բաց գտնուող ժողովրդապետութիւն։

Բարեգործական Ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը անցեալ գիշեր փոխադրուեցաւ Միքոլէվ քաղաք հոն այցելեց՝ հակառակ ծանր ռմբակոծումներուն տակաւին բաց գտնուող ժողովրդապետութիւնը հանդիպելով հաւատացեալներուն հետ ու աղօթելով Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, որպէս նուէր շնորհուած վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը։

Խերսոնի մէջ Կարդինալ Քրայւեսքին ու իրեն ընկերացող Քարխիվի օգնագան եպիսկոպոս, գերապայծառ Եան Սոպիլլոնը յանձնեցին առաջին օգնութեան դեղերը ապա շտապ օգնութեան մեքենաներով փոխադրուեցան են տարբեր հիւանդանոցներ։

Խերսոն քաղաքին կեդրոնի մէջ կարդինալ Քրաւեւսքին ընկերակցութեամբ ժողովրդապետին, հանդիպեցաւ հաւատացեալներու հետ անոն փոխանցելով շօշափելի օգնութիւններ։ Նախատեսուած է, որ կարդինալ Քրայեւսքի հանդիպի Յոյն Կաթողիկէ Պազիլեաններու հետ փոխանցելու համար ֆրանչիսկոս Պապին ողջագուրումն ու վստահեցնելու Նորին Սրբութեան անդադար աղօթքը Ուքրանիոյ մէջ տառապողներու դիտաւորութեամբ։

Հաւանական է որ Կարդինալ Քրայեւսքի այցելէ Քիեւ

«Վատիկան Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին կարդինալ Քրայեւսքի յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ այլ քաղաքներ, թերեւս պիտի հասնի մինչեւ Քիւեւ՝ հասարակութեան հետ հանդիպելու համար։ Անոր առաքելութեան վերջին հանգրուանը պիտի ըլլայ Լեոփոլի քաղաք։

Կարդինալ Քրայեւսքիին յայտարարութեան համաձայն, չէ նախատեսուած Վատիկան վերադարձի թուականը, իրեն համար կարեւոր նպատակը այն է մօտիկ գտնուիլ ժողովուրդին՝ յանուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին։

Կարդինալ Քրայեւսքի խնդրեց աղօթել մեր անձերուն համար, որպէսզի չվարժուինք այդ պատերազմին, այլ շարունակենք օգնել դժուարութեան մէջ գտնուող անձերուն, ըսաւ Ան։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2023, 09:13