Որոնել

2020.01.14 2020.01.14 Georg Gaenswein  Ganswein

Գերապայծառ Կէյնզուէյն մէկ յուլիսին Ֆրիպուրկ կը վերադառնայ

Գերմանացի Արքեպիսկոպոսը, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին երբեմնի յատուկ քարտուղարը առ այժմ պիտի վերադառնայ իր Թեմական ծուխ` Ֆրիպուրկ։ Անցեալ 28 Փետրուարին դադրած էր անոր Քահանայապետական Տան կառավարիչի պաշտօնը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին երկար տարիներու յատուկ քարտուղար, Գերմանացի Արքեպիսկոպոս` Կէորկ Կէյնզուէյն առ այժմ, մէկ յուլիսէն, պիտի վերադառնայ իր Թեմական ծուխ` Ֆրիպուրկ։ Որոշումը կայացուցած է Ֆրանչիսկոս Պապը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ թէ Գերապայծառ Կէյնզուէյնը անցեալ 28 Փետրուար 2023-ին աւարտեց Քահանայապետական Տան կառավարիչի իր պաշտօնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2023, 12:30