Որոնել

Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր  (AFP or licensors)

Գերապայծառ Կալլակեր. «Կրօնի դրական արժէքները շօշափելի օգնութիւն են խաղաղութեան»

Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերի ելոյթը Իտալիոյ պատգամաւորներու պալատէն ներս։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 15 յունիսին, Հռոմի պատգամաւորներու պալատէն ներս տեղի ունեցաւ «Կրօնքը, հակամարտութիւնները, խաղաղութեան կառուցումը միջազգային համաշխարհային ճգնաժամերէն ներս» նիւթով կլոր սեղան, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր։

«Կեանքի նկատմամբ յարգանքը, բռնութիւն չկիրառելու յանձնառութիւնը, անկեղծութեամբ խօսիլը եւ աշխատիլը, առանց խաբելու կամ շահարկելու, արդարութեամբ եւ անկեղծութեամբ վարուիլը, մերձաւորը սիրելը», Ըստ Վատիկանի դիւանագէտին ասոնք են դրական արժէքները, որոնք կը միացնեն աշխարհի մէջ բոլոր կրօնները եւ որոնք կրնան զանոնք վճռորոշ դերակատար դարձնել խաղաղութեան գործին մէջ։

Աղօթքը երկխօսութիւն է

Գերապայծառ Կալլակեր իր ելոյթին մէջ դիտել տուաւ որ աղօթքին մէջն է, որ հաւատացեալները կը գտնեն առանձնաշնորհեալ ձեւը՝ արտայայտելու համար իրենց խաղաղութեան իղձը։ «Կրօնքը իր բնոյթին մէջ Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ հաւաստի յարաբերութիւնն է եւ դա կ՝արտայայտուի աղօթքի մէջ։ Եւ աղօթքը երկխօսութիւն է» ըսաւ Ան։

Գերապայծառ Կալլակեր ապա յղում կատարելով Պօղոս Զ Պապին l’Ecclesiam Suam եւ Gaudium et Spes փաստաթուղթերուն, շեշտեց թէ երկխօսութեան վերջին նպատակն է խուսափիլ կամ դադրեցնել պատերազմը ուհասնիլ խաղաղութեան։

Եղբայրութիւնը որպէս պատասխան

«Եկեղեցին միշտ եղած է՝ ոչ բռնութեան հզօր ջատագովը», ըսաւ Գերապայծառ Կալլակեր յիշելով 1868ին, Պիոս Թ Պապին կողմէ զինուած հակամարտութիւններուն զոհերու վերաբերեալ Ժընեվի առաջին համաձայնութեան վաւերացումը։« Այն պահէն ի վեր սուրբ Աթոռը երբեք չխնայեց ոչ մէկ ուժ խաղաղութեան խթանման մէջ, հասկնալով ոչ որպէս պատերազմի բացակայութիւն՝ այլ որպէս արդարութեան գործ, արձանագրուած ներկայ իրականութեան մէջ։ Ասոր հիմքը ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատած է չկրնար ըլլալ՝ եթէ ոչ եղբայրութիւնը, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ եւ իւրաքանչիւր երկիր կապուած է մէկը միւսին հետ», ըսաւ Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2023, 10:18