Որոնել

Մայր Էլիզա Մարթինեզի երանացման արարողութեան ընթացքին Մայր Էլիզա Մարթինեզի երանացման արարողութեան ընթացքին 

Երանելիներուն շարքին դասուեցաւ Մայր Էլիզա Մարթինեզը, խոնարհ՝ աղքատներու եւ հիւանդներու հանդէպ

Երանացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Իտալիոյ Սալենթ քաղաքի Մարիա Տի Լէուքա սրբավայրին մէջ, նախագահութեամբ Սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 25 յունիսին, Իտալիոյ մէջ երանելի հռչակուեցաւ Մայր Էլիզա Մարթինեզը։ Երանացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Մարիա Տի Լէուքա Սրբավայրին մէջ նախագահութեամբ Սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյին։

Երանելի Մայր Էլիզա Մարթինեզ ծնած է Կալանթինա քաղաք՝ 1905ին եւ վախճանած է 1991ին՝ հռոմին մէջ։ Ան եղած է հիմնադրուհին միաբանութեան մը որ ամբողջութեամբ նուիրուած է մանուկներուն դաստիարակութեան, ամուրի մայրերու խնամակալութեան եւ ժողովրդապետութիւններու ծառայութեան։

«Աղքատներու սիրահար, որովհետեւ անոնց մէջ կը բացայայտէր Յիսուսի պայծառ դէմքը», ըսաւ կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն երանացման պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ դիտել տալով որ Երանելի Մարիային կեանքը բնորոշող առաքինութիւնը եղած է խոնարհութեան առաքինութիւնը։

Սուրբերու դատին վերատեսուչը քարոզին մէջ յիշեց նաեւ Մայր էլիզային խօսքերէն հատուած մը, որուն մէջ Երանելին կը յայտնէր թէ կ՝ուզէ լայնցել իր սիրտը ողջագուրելու համար Երկրի ամէն անկիւններու մէջ տարածուած արարածները յատուկէն աղքատներն ու մեկուսացեալները։

Մեկնաբանելով ապա օրուան Աւետարանին խօսքը, ուր կը նշուի թէ Տէրը երբեք չլքեր ոչ մէկ անձ նոյնիսկ եթէ կը տառապի, Կարդինալ Սեմերարոն յիշեց թէ Մայր Էլիզան եւս միշտ ինքզինք պաշտպանուած զգացած Աստուծոյ ձեռքերէն նաեւ անհասկացողութեան, մերժումի եւ տարակոյսին վիճակի մէջ։ «Ան լաւ գիտակից է թէ Տէրը մեզ կ՝ընդունի այնպէս ինչպէս որ ենք ինչպէս նաեւ այն բոլոր բաներուն մէջ, որ մեզի կը պատահի։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2023, 11:28