Որոնել

Կարդինալ Քրայեւսքի եւ բեռնակառքի վարորդ Կարդինալ Քրայեւսքի եւ բեռնակառքի վարորդ 

Վեցերորդ անգամ ըլլալով Քահանայապետին ողորմաբաշխը Ուքրանիա կը մեկնի

Նախատեսուած է որ Ուքրանիոյ մէջ վերատսեուչը այլցելէ Խերսոն քաղաք, ուր ամբարտակի կործանումէն ետք անմեղ ժողովուրդը կը գտնուի դժուար իրավիճակի մէջ եւ ուր շատեր մահացած են։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Բարեգործական Ծառայութեան Վերատեսչութեան գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց թէ Վերատեսուչութեան Վերատեսուչ, կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքի Ֆրանչիսկոս Պապին անունով դարձեալ կը մեկնի Ուքրանիա` հոգեւոր եւ նիւթական օգնութիւն տրամադրելու պատերազմէն տառապող ժողովուրդին։

Նախատեսուած է, որ Ուքրանիոյ մէջ Վերատեսուչը կ՝այցելէ Խերսոն քաղաք, ուր ամբարտակի կործանումէն ետք անմեղ ժողովուրդը կը գտնուի դժուար իրավիճակի մէջ եւ շատեր մահացած են։

Կարդինալ Քրայեւսքին Ուքրանիա առաքելութեան նպատակն է ժողովուրդին կողքին կենալ եւ աղօթել ու նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին շօշափելի զօրակցութիւնն ու ողջագուրումը փոխանցելու մէջ։

Քահանայապետական ողորմաբաշխը Ուքրանիա կը մեկնի ամենահրատապ դեղերով բեռնաւորուած ինքնաշարժով մը, որպէսզի ճանապարհորդութեան ընթացքին կարելիութիւնը ունենայ այցելելու զանազան կրօնական հասարակութիւնները, Յոյն եւ լատին կաթողիկէներու եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու ժողովրդապետութիւնները։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ,ո ր յառաջիկայ օրերու, կենսական ապրանքներով, դեղորայքով լեցուն երկրորդ բեռնակառք պիտի մեկնի Ուքրանիա որ պիտի տրամադրուի ամբարտակի կործանումէն առաւել տուժած վայրերուն մէջ գտնուող անձերուն։

Կարդինալ Քրայեւսքիին առաքելութիւնը աւետարանական է եւ կ՛ուզէ ընդգծել Ֆրանչիսկոս Պապին նահատակ Ուրքանիոյ նկատմամբ մօտիկութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2023, 15:11