Որոնել

Սուրբ Պետրոս տաճար Սուրբ Պետրոս տաճար  (ANSA)

Վատիկանի Արդարութեան խթանողը Օրլանտիի հարցին հայող փաստաթուղթերը փոխանցեց Հռոմի Դատախազութեան

Արդարութեան Խթանողը յառաջիկայ ամիսներուն պիտի շարունակէ իր քննչական գործունէութիւնը, մօտիկ ըլլալով Էմմանուէլայի ընտանիքի ցաւին եւ գիտակից` տառապանքին, որ կարելի է զգալ հարազատի մը կորուստին համար» գրուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

22 Յունիս 1983ին Վատիկանի քաղաքացի 15 տարեկան Էմմանուէլա Օրլանտի անակնկալ, անբացատրելի եւ խորհրդաւոր կերպով անհետացաւ։ Այդ օրէն ի վեր անցած են քառասուն տարիներ եւ անհետացումի քառասուներորդ տարեդարձին առիթով` 22 Յունիս 2023ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի` թէ «Վատիկանի Պետութեան Արդարութեան խթանող` Ալեսսանտրօ Տիտտի, Հռոմի Դատախազութեան փոխանցած է Վատիկանի մէջ ընթացք առած հետաքննութեան թղթածրարը»։

«Վերջին ամիսներուն այս գրասենեակը հաւաքեց Վատիկանի և Սուրբ Աթոռի կառոյցներուն մէջ առկայ բոլոր ապացոյցները, նաև ապացոյցներ փնտռելով իրադարձութիւններու պահուն պաշտօնի վրայ գտնուող որոշ գրասենեակներու պատասխանատուներու հետ տեղի ունեցած զրոյցներու միջոցաւ», կը կարդանք հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ նշուած է, թէ «նիւթերու ուսումնասիրութիւնը հաստատեց հետաքննութեան արժանի որոշ ուղղութիւններու խորացումը»։

Ուստի Արդարութեան Խթանողը յառաջիկայ ամիսներուն պիտի շարունակէ իր քննչական գործունէութիւնը, մօտիկ ըլլալով Էմմանուէլայի ընտանիքի ցաւին եւ գիտակից` տառապանքին, որ կարելի է զգալ հարազատի մը կորուստին համար» գրուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2023, 11:14