Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին, որպէս Ֆրանչիսկոս Պապին պատուիրակ պիտի այցելէ Մոսկուա
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով յայտարարութիւն մը հաղորդեց, որ 28 եւ 29 յունիս, 2023ին, Պոլոնիա թեմի արքեպիսկոպոս եւ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ, Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին ընկերակցութեամբ Վատիկանի պետական քարտուղարութեան պատասխանատուի պիտի այցելէ Մուսկուա, որպէս Ֆրանչիսկոս Պապին պատուիրակ։
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի թէ նախաձեռնութեան հիմնական նպատակը այն է խրախուսել մարդասիրական ժեսթեր, որոնք կարող են նպաստել առկայ ողբերգական կացութեան եւ արդար խաղաղութեան համար ուղիներ գտնելու։
Յայտնենք թէ անցեալ 5 եւ 6 Յունիս 2023ին, Կարդինալ Ծուփփին` Քիեւ մեկնած էր, որպէս Ֆրանչիսկոս Պապին պատուիրակ, ունենալով որպէս առաքելութիւն` «մտիկ ընել Ուքրանիոյ իշխանութիւններուն արդար խաղաղութեան հասնելու հնարաւոր ուղիներու մասին առաջարկներուն և աջակցիլ մարդասիրական արարքներուն, որոնք կը նպաստեն լարուածութեան թուլացման»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ