Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապն ու ինը խորհրդատու կարդինալներու խորհուրդի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապն ու ինը խորհրդատու կարդինալներու խորհուրդի անդամները 

Աւարտեցաւ ինը խորհրդատու կարդինալներու խորհուրդի յունիս ամսուայ նիստը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի յայտարարութեամբ կը նշուի, թէ Ինը խորհրդատու կարդինալներուն յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի 2023 թուականին, դեկտեմբերին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի մէջ վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ինը խորհրդատու կարդինալներու խորհուրդի վերջին նիստը, որուն գլխաւոր նիւթերէն եղան Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը, յառաջիկայ հոկտեմբերին գումարուելիք եպիսկոպոսներու սինոդը ինչպէս նաեւ սեռային ոտնձգութիւններու թիրախ անչափահասներուն պաշտպանութիւնը։

Տեղեկութիւններ ժողովի ընթացքին արծարծուած նիւթերուն շուրջ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ վերոյիշեալ նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին Խորհուրդի եւ քարտուղարութեան մաս կազմող բոլոր կարդինալները։

Նիստի ընթացքին, համագործակցութեամբ կարդինալ Ճանֆրանքօ Կիրլանտային, ուսումնասիրութեան նիւթ եղան են այն քայլերը, թէ ինչպէս պէտք է են իրականացնել Praedicate evangelium առաքելական սահմանադրութեան ոգին, սկզբունքները ու չափանիշերը թեմերէն ներս։

Քննարկումի նիւթ եղած է նաեւ սինոդականութեան թեման, անդրադարձ կատարելով  ընթացքի մէջ գտնուող եպիսկոպոսներու սինոդին։ Կարդինալ Օ Մալլէյ տեղեկութիւններ տուած է անցեալ մայիսին անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնախումբի վերջին լիագումար նիստին եւ համայն եկեղեցւոյ մէջ կանոնագիրքերու եւ օրէնքներու թարմացման՝ յանձնախումբին կատարած աշխատանքներու մասին, որպէսզի անչափահասներու պաշտպանութեան յօրինուածքները արդիւնաբեր դառնան իւրաքանչիւր թեմի մէջ։ Ինը խորհրդատու կարդինալներու յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի 2023 թուականին, դեկտեմբերին։

Խորհրդատու կարդինալներուն Խորհուրդի անդամները 

Ինը խորհրդատու կարդինալներուն Խորհուրդի մաս կը կազմեն, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Վատիկան քաղաքի պետութեան եւ Վատիկան քաղաքի պետական կառավարութեան համար քահանայապետական յանձնախումբի նախագահ, կարդինալ Ֆերնանտօ Վերկես Ալզակա, Քինշասայի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Ֆրիտոլին Ամպոնկօ Պէզունկու, Պոմպէյի արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Օսվալտ Կրասիաս, Պոսթոնի արք, կարդինալ Սին Փաթրիք Օ ՄԱլլի, Պարսելլինայ արք, կարդինալ Խուան Խօսէ Օմելլա Օմելլա, Քէպէքի արք, կարդինալ Ժէրարտ Լաքրուա, Լուքսամպուրկի արք, կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիկ, Սան Սալվատոր տէ Պահիայի արք, կարդինալ Սէրճօ Տա Ռոքա։ Իսկ խորհուրդի քարտուղարն Քրեսիմային տիտղոսաւոր եպիսկոպոս գերապայծառ Մարքօ Մելլինօ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2023, 11:49