Որոնել

Պուտտիսթներուն հետ հանդիպում միջ կրօնային երկխօսութեան համար Պուտտիսթներուն հետ հանդիպում միջ կրօնային երկխօսութեան համար  (Vatican Media)

Վատիկանի մէջ Թայլանտէն Պուտտիսթներ աղօթեցին Ֆրանչիսկոս Պապին համար

Թայլանտէն ժամանած 80 Պուտտիսթներէ կազմուած պատուիրակութիւն մը այցելեց Հռոմ։ Նախատեսուած է, որ պատուիրակութիւնը հանդիպէր Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 15 յունիսին, Հռոմի «Աուկուսթինիանում» համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ Թայլանտէն ժամանած Պուտտիսթներու 80 վանականներէն կազմուած պատուիրակութեան եւ միջ կրօնային երկխօսութեան վերատեսչութեան ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպում։

Հռոմ երկօրեայ այցելութեան ընթացքին նախատեսուած էր, որ Պուտտիսթներու պատուիրակութիւնը Վատիկանի մէջ հանդիպէին Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, սակայն այցելութիւնը ջնջուած է Պապին Ճեմելլի հիւանդանոց գտնուելուն պատճառաւ։

Պուտտիսթներու պատուիրակութեան նամակը Ֆրանչիսկոս Պապին

Պուտիսթներու պատուիրակութիւնը, Reale di Wat Phra Cetuphon. Տաճարի աբբահայր երանաշնորհ Somdet Phra Mahathirachan ստորագրութիւնը կրող նամակով մը իրենց աղօթքը ապահովուեցին ֆրանչիսկոս Պապին շուտափոյթ ապաքինման համար։

Իտալերէն Լեզուով Ֆրանչիսկոս Պապին ուղարկուած նամակը գրուած է յանուն Պուտիսթներու պատուիրակութեան բոլոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ Արքեպիսկոպոս Չանկ Մայի, Իտալիոյ եւ Սուրբ Աթոռի մէջ Թայլատնի Francesco Saverio Vira Arpondratana դեսպաններուն։ 

Աւելի քան 80 վանականներէ Թայլանտացի պատուիրակութիւնը կազմուած է Թայլանտի Sangha բարձրագոյն խորհուրդի անդամներէն։

Պուտիսթ վանականները այցելեցին Պենետիկտոս ԺԶ Պապին դամբարանը

Հռոմ այցելութեան ընթացքին Պուտիսթ վանականները այցելեցին Պենետիկտոս ԺԶ Պապին դամբարանը՝ ուր ամփոփուելով լռելեան աղօթեցին նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին համար, մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում։

Կարդինալ Այուզոյի ողջոյնի խօսքը

«Աուկուսթինիանում համալսարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի աւարտին կարդինալ Այուզօ իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց թէ «Որպէս բարեկամներ կը կիսենք» միեւնոյն ուրախութիւնները, միեւնոյն ցաւերը, միւենոյն մտահոգութիւններն ու տեսակէտները։

«Կաթողիկէ եւ Պուտիսթ երկու պատուիրակութիւնները կը ներկայացնեն բարեկամներուն ուխտագնացութիւն մը, որուն Ֆրանչիսկոս Պապ վկայ է» ըսաւ կարդինալ Միկէլ Անճէլ Այուզօ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2023, 10:51