Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Գերապայծառ Էթթորէ Պալեսթրերօ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Գերապայծառ Էթթորէ Պալեսթրերօ  

Գերապայծառ Պալեսթրերօ ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ Սուրբ Աթոռի նոր մնայուն դիտորդ

Ֆրանչիսկոս Պապ Քոնկոյի մէջ մինչեւ այսօր Պապական նուիրակի պաշտօնը վարած Արքեպիսկոպոս Պալեսթրերոն նշանակեց ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ որպէս նոր մնայուն դիտորդ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 21 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի, Մասնագիտացած հաստատութիւններու եւ առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան մօտ Սուրբ Աթոռի նոր մնայուն դիտորդ անուանեց արքեպիսկոպոս Էթթորէ Պալեսթրերոն, որ նաեւ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը պիտի հանդիսանայ Գաղթականներուն միջազգային կազմակերպութեան մօտ։

Ծագումով Իտալիոյ Ճենովա քաղաքէն 56 տարեկան, արք Պալեսթրերոն, դիւանագիտական գետնի վրայ մինչեւ այսօր վարած է Քոնկոյի հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակի պաշտօնը։ Ան սոյն պաշտօնով ընկերացած է Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ 31 յունուար- 5 փետրուար Քոնկօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։

Գերապայծառ Պալեսթրերոն եղած է նաեւ Քոլոմպիայի մէջ Պապական նուիրա եւ 2017ին, որպէս պապական նուիրակ ընկերացած է Ֆրանչիսկոս Պապին՝ Լատին Ամերիկա կատարած ճամբորդութեան ընթացքին։

Գերապայծառ Պալեսթրերոն, Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ծառայութեան անցած է 1996ին  ու պաշտօնավարած է Քորէայի, Մոնկոլիոյ եւ հոլանտային մէջ։ 2001ին, Ան ծառայած է Պետական քարտուղարութենէն ներս՝ ապա 17 օգոստոս 2009ին, Պենետիկտոս ԺԶ Պապին կողմէ նշանակուած է պետութիւններու հետ յարաբերութիւններուն ենթաքարտուղար, պաշտօնավարելով 2009էն մինչեւ 2013 ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2023, 13:46