Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը 2023ի մարտին «Run Rome The Marathon»ի մասնակիցներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապը 2023ի մարտին «Run Rome The Marathon»ի մասնակիցներուն հետ  (Vatican Media)

Մարզիկներու մօտիկութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին

Այս կիրակի՝ 11 Յունիսին, գրեթէ վաթսուն մարզիկներու մասնակցութեամբ պիտի մեկնարկէ համերաշխութեան վազքը՝ Հռոմի աղքատներուն օգնութիւն առաջարկող ճաշարաններուն ի նպաստ։ Մինչ կէսօրին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի մասնակցին կիրակնօրեայ աղօթքին՝ Սրբազան Պապի հետ հաղորդութեան մէջ, որ իր բուժումը կը ստանայ Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցէն ներս։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Կիրակի՝ 11 Յունիսին, «Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան» տօնին օրը, Ժամը 9-ին «Athletica Vaticana» ընկերակցութիւնը եւ «Run Rome The Marathon»ը միասին պիտի մեկնարկեն զօրակցութեան մարաթոնը, որ պիտի սկսի եւ աւարտի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ։ Ասիկա առաջին հանդիպումն է «Via Panis – Հացի ճամբայ» անունը կրող նախաձեռնութեան, որ հետեւելով Ֆրանչիսկոս Պապի տեսլականին, նպատակ ունի մարմնամարզութիւնը դարձնել իսկապէս եղբայրական, ներառական և աջակցութեան փորձառութիւն մը:

Առաւօտեան ժամը 8,30-ին, վազորդները պիտի սկսին հաւաքուիլ վերոնշեալ հրապարակին վրայ՝ իրենց հետը բերելով ֆրանչեսկեան վանականներու կողմէ պատրաստուած հացը եւ Սրբազան Քահանայապետի «Fratelli tutti» շրջաբերականի օրինակները, որոնք պիտի բաժնուին չքաւորներուն Հռոմի Քարիթասի ճաշարանի եւ Քրիստոսի Արիւնը պաշտող միանձնուհիներուն պատկանող «Seicinque» կեդրոնին կողմէ:

Հռոմի փողոցներով անցնող այդ տասը քիլոմեթր երկարող մարաթոնը առանց ժամանակաչափի առանձնայատուկ վազք է, այլ ոչ թէ մրցավազք, որուն մասնակիցները կէսօրին կրկին վերադառնալով Սուրբ Պետրոս հրապարակ պիտի մասնակցին կիրակնօրեայ աղօթքին՝ Սրբազան Պապի հետ հաղորդութեան մէջ, որ իր բուժումը կը ստանայ Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցէն ներս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2023, 10:57