Որոնել

«Ֆրանչիսկոս Պապին տնտեսութիւն» ձեռնարկը «Ֆրանչիսկոս Պապին տնտեսութիւն» ձեռնարկը 

Երթալ դրամատիրութեան սահմանէն անդին, «Ֆրանչիսկոս Պապին տնտեսութիւն» միջազգային ամառնային դպրոցի երկրորդ փուլը։

2023 թուականի միջազգային ամառնային դպրոցի երկրորդ փուլին վերնագիրն է«հոգեւոր, ընկերային եւ պատմական դրամագլուխ, երթալու համար դրամատիրութենէն անդին»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կազմակերպութեամբ «Ֆրանչիսկոս Պապին տնտեսութիւն» ձեռնարկին, միջազգային ամառնային դպրոցի երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 18էն 23 յունիս, Իտալիոյ Արեցցօ քաղաքի Վերնա շրջանի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի սրբավայրին մէջ։

Միջազգային ամառնային դպրոցին յայտագիրին նիւթը

2023 թուականի երկրորդ փուլին վերնագիրն է «հոգեւոր, ընկերային եւ պատմական դրամագլուխ, երթալու համար դրամատիրութենէն անդին» եւ ունի որպէս նպատակ ուսումնասիրել դրամատիրութեան այն ձեւերը, որոնք կը զօրակցին նոր տնտեսական օրինակին կառուցման, որուն կանչուած են խթանելու նաեւ 2019 թուականէն սկսեալ «Ֆրանչիսկոս Պապին տնտեսութիւն» ձեռնարկի երիտասարդները, ուր ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրած է աշխարհի տնտեսագէտ եւ ձեռնարկու երիտասարդները վերաաշխուժացնելու տնտեսութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ Ինքն է, որ ընդգծած է Միջազգային ամառնային դպրոցի երկրորդ փուլին նիւթի կարեւորութիւնը՝ երբ 2022 թուականին սեպտեմբեր ամիս աւելի քան հազար տնտեսագէտ, ձեռնարկու երիտասարդներու հետ հանդիպումի ընթացքին յիշեցուց թէ «Իւրաքանչիւր հասարակութեան առաջին դրամագլուխը, հոգեւոր դրամագլուխն է, որովհտեւ անիկա է որ մեզ պատճառ կու տայ ամէն օր վերականգնելու եւ աշխատանքի երթալու եւ կը յառաջացնէ նաեւ այն ապրելու ուրախութիւնը, որ անհրաժեշտ է նաեւ տնտեսութեան»։

Այս տարին մասնակիցներուն թիւը կրկնապատկուած է

Յայտնենք, թէ «Ֆրանչիսկոս Պապին տնտեսութիւն» միջազգային ամառնային դպրոցի երկրորդ փուլին մասնակիցներու թիւը կրկնապատկուած է նկատի առնելով 2021ին Կուպիոյ քաղաքն մէջ կայացած առաջին հանդիպումի մասնակիցներու թիւը։

Ուսուցիչներէ եւ աշակերտներէն կազմուած աւելի քան 80 անձեր պիտի մասնակցին Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներու տնտեսութեան միջազգային դպրոցին, որոնք պիտի մեկնին աւելի քան 32 երկիրներէն, որոնց շարքին՝ Վիեթնամը, հոնտուրասը, Արժանթինը, Պոթսվանան, Նորվեճիան, Ռուսիան, Ուքրանիան, Հայիթի, Փաքիստան, եւ Իտալիան։

Ամառնային միջազգային դպրոցին յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերող երիտասարդները տնտեսութեան,կրթութեան, մարդկային իրաւունքներուն ֆինանսի եւ այլ ոլորտներու մէջ ներգրաւուած երիտասարդներ են։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2023, 11:28