Գերապայծառ Փրեւոսթ. «Եպիսկոպոսը ժողովուրդի մօտիկ է հովիւ է եւ ոչ թէ գործավար»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Վատիկան Նիուզի»ի խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէն, տիար Անտրէա Թորնիելլի հարցազրոյց կատարեց եպիսկոպոսներու վերատեսչութեան վերատեսչուչ, կարդինալ Մարք Ուելլէն փոխարինող նորընտիր վերատեսուչ, 67 ամեայ գերապայծառ Ռոպերթ Փրեւոսթի հետ, որ ծնած է Ամերիկայի Չիքակօ քաղաքի մէջ։ Ակոսթինեան միաբանութեան անդամ գերապայծառ Փրեւոսթ նախապէս միսիոնար մըն էր, ապա եպիսկոպոս Փերույի Չիքլայօ թեմին։
Հարցազրոյցի ընթացքին եպիսկոպոսներուն վերատեսչութեան նոր վերատեսուչը յայտնեց, թէ ինք կը շարունակէ միսիոնար մնալ ու իր կոչումն է հռչակել աւետարանը հոն ուր մարդ մը կը գտնուի։
Եպիսկոպոսին դիմագիծը
Գերապայծառ Փրեւոսթ զրուցեց եպիսկոպոսին դիմագիծին մասին նշելով, թէ եպիսկոպոսը նախ եւ առաջ պէտք է լայն պատկերացում ունենայ եկեղեցւոյ եւ իրականութեան մասին ու պէտք է օժտուած ըլլայ ուրիշը ունկնդրելու ու խորհուրդ տալու կարողութեամբ։ Եպիսկոպոսը պէտք է ըլլայ հովիւ մը մօտիկ գտնուելով հասարակութեան անդամներուն, սկսելով քահանաներէն, որոնց համար եպիսկոպոսը հայր մըն է։
Եպիսկոպոսը կանչուած է հաղորդութեան շնորհապարգեւը ապրելու ու խթանելու եկեղեցւոյ միութիւնը, Պապին հետ միութիւնը։
ըսաւ Գերապայծառ Փրեւոսթ աւելցնելով որ միութեան պակասը շատ ցաւալի վէրքն է, որուն համար եկեղեցին կը տառապի։ Եկեղեցւոյ մէջ բաժանումներն ու վիճաբանութիւնները ոչ մէկ բանի օգտակար են։ Եպիսկոպոսները պէտք են արագացնել դէպի միութեան, դէպի եկեղեցւոյ մէջ հաղորդութեան շարժումը։
.
Եպիսկոպոսի ընտրութիւնը
Խօսելով եպիսկոպոս ընտրելու մէջ ժողովուրդին անդամներու ներգրաւուածութեան մասին, գերապայծառ Փրեւոսթ նշեց, թէ եպիսկոպոսը կանչուած է տեղական եկեղեցին կառավարելու, հետեւաբար ժողովուրդին ձայնը ունկնդրելը շատ կարեւոր է նկատի առնելով որ եթէ եպիսկոպոսութեան թեկնածու մը ճանչցուած չէ ժողովուրդի կողմէ, դժուար է որ անիկա կարենայ իսկական հովիւ դառնայ տեղական եկեղեցւոյ։
Կանանց ներկայութիւնը Եպիսկոպոսներու վերատեսչութեան մէջ
Եպիսկոպոսներու վերատեսչութեան վերատեսուչը անդրադարձաւ եպիկոպոսներու վերատեսչութենէն ներս կանանց ներկայութեան մասին յայտնելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապին նորութիւններէն մէկը այն եղաւ երեք կանանց անուանումը եպիսկոպոսներուն վերատեսչութենէն ներս, որոնց շարքին երկու կրօնաւորուհիներ եւ աշխարական մը ու որոնք բովանդակալից մասնակացութիւն կը բերեն թեկնածուներուն փաստաթուղթերը քննարկելու հանդիպումներու ընթացքին
Սինոդականութեան ծիրէն ներս Գերապայծառ Փրեւոսթ նշեց թէ եպիսկոպոսներ պէտք ենք կարող ըլլալ մէկը միւսին ունկնդրելու ու անսալու Սուրբ Հոգիին։ Եպիսկոպոսին պաշտօնը կարեւոր ծառայութիւն մը է ու պէտք է ամէն բան դնել եկեղեցւոյ ծառայութեան՝ սիւնոդական հոգիով, որ կը նշանակէ պարզապէս միասին քալել ու միասին որոնել այն ինչ որ Տէրը կը խնդրէ մեր ժամանակուան մէջ
Եպիսկոպոսին եւ հաղորդամիջոցներու միջեւ յարաբերութիւն
Ի վերջոյ անդրադառնալով եպիսկոպոսին եւ հաղորդամիջոցներուն միջեւ յարաբերութեան, եպիսկոպոսներուն վերատեսչութեան վերատեսուչ յարեց թէ հաղորդակցութիւնը կրնայ կարեւոր միջոց դառնալ Աւետարանի պատգամը հազարաւոր մարդոց փոխանցելու համար ու պէտք է ճիշդ ու պատասխանատուութեան օգտագործել ընկերային հաղորդամիջոցները որովհետեւ շատ անգամ անոնց կրնան վնասակար դառնալ ու կործանեն եկեղեցւոյ հաղորդութիւնը , ասոր համար պէտք է զգուշութիւն ցուցաբերել այդ միջոցներու կիրառման մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ