Որոնել

2018.12.05 Intervento card. Parolin al Cop24 sul clima a Katowice

Փարոլինը վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի խաղաղութեան ի սպաս առաքելութեան գոյութիւնը

Փարոլինը դատապարտեց Քրեմլինի դէմ անօդաչու սարքերով յարձակումը հաստատելով որ «բոլոր պատերազմական գործողութիւնները կը հեռացնեն խաղաղութիւնը» եւ տխրութեամբ նշեց, թէ «այսօր զինադադարի համար պայմաններ չկան»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմի Լումսա համալսարանին մէջ Վատիկանի Հրատարակչատան կողմէ հրապարակուած` «խաղաղութեան ձայներ» խորագիրով Հայր Թոնինօ Պելլոյի գիրքի ներկայացումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղարը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որուն լրագրողները ուղղեցին հարցումներ, սկսեալ` Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան խթանումին վերաբերող Սուրբ Աթոռի առաքելութեան մասին հարցումը, որ հիմնուած էր Քահանայապետին Պուտափեշտէն վերադարձի թռիչքի ընթացքին կատարած յայտարարութեան, թէ պատրաստ է ամէն բան կատարելու խաղաղութեան համար։ «Այժմ ընթացքին մէջ է առաքելութիւն մը, բայց տակաւին հանրային չէ։ Տեսնենք...երբ հանրային դառնայ անոր մասին կը խօսիմ», ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը, թէեւ յաջորդ օրերուն ըլլայ Քիեւը ըլլայ Մոսկուան յայտարարեցին թէ իրենք «անտեղեակ են» վատիկանեան առաքելութեան մասին լուրէն։

Կարդինալ Փարոլինը նշեց, թէ ինք չուզեր մանրամասնութիւններու մէջ մտնել ու թէ Քահանայապետին կը թողու յաւելեալ տեղեկութիւններ մատուցելը, ապա «զարմանք» արտայայտեց Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ կեցուածքին դիմաց, դիտել տալով թէ «իր կարծիքով կողմերը տեղեակ են ու թէ Սուրբ Աթոռը անոնց հաղորդած է առաքելութեան լուրը. «Բայց գիտէք թէ դիւանակալական ոլորապտոյտներու մէջ կարելի է, որ հաղորդակցութիւնները չի հասնին այնտեղ ուր պէտք է հասնին» ըսաւ Ծիրանաւորը, դիտել տալով, թէ ասոնք իր «անձնական մեկնաբանութիւններ են» բայց վստահ է, որ «կողմերը տեղեկացուած են»։

Փարոլինը դատապարտեց ապա Քրեմլինի դէմ անօդաչու սարքերով յարձակումը հաստատելով, որ «բոլոր պատերազմական գործողութիւնները կը հեռացնեն խաղաղութիւնը» եւ տխրութեամբ նշեց, թէ «այսօր զինադադարի համար պայմաններ չկան»։

Վատիկանի դիւանագէտը հուսկ վերահաստատեց, թէ պէտք է «համաձայնութեան կէտերու հանգիլ վերջ դնելու համար այս սպանդին, որ զօրեղ կերպով կը հարուածէ Ուքրանիան եւ որ զգալի հետևանքներ ունի նաև Ռուսաստանի համար»։ «Մենք, ըսաւ Ան, միշտ պնդեցինք զինադադարի հասնելու հարկաւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ սկիզբ տալ խաղաղութեան գործընթացին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2023, 09:00