Որոնել

"Women's cry"  ցուցահանդէսէն լուսանկար "Women's cry" ցուցահանդէսէն լուսանկար 

"Women's cry" կանանց ճիչն ու յոյսը սուրբ Պետրոսի հրապարկի վրայ լուսանկարչական ցուցահանդէսին

Սուրբ Պետրոսի հրապարակին ձախ կողմը տեղի կ՝ունենայ «Կանանց ճիչը» վերնագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէս։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 2 մայիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուեցաւ “Women’s Cry”, Կանանչ ճիչը խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէսին, որ մայիս ամսուան ընթացքին տեշի կ՝ունենայ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին ձախ սիւնաշարքին կողմը։

Պերնինի անուան սիւնաշարքի կողմը ցուցադրուած Լուսանկարներու հեղինակներն են միջազգային գետնի վրայ համբաւ ունեցող անձնաւորութիւններ որոնք անմահացուցած են կանանց ճկունութեան վիճակը՝ աշխարհի տարբեր վայերու մէջ։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցողներու շարքի եղան նաեւ Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, Տիար Փաուլօ Ռուֆինի,

Կաթողիկէ կանանց կազմակերպութիւններու միջազգային միութեան ընդհանուր նախագահ Տիկին Մարիա Լիա Զերվինօ։

«Ամէն մէկ լուսանկար կապուած է Fratelli tutti առաքելական շրջաբերականի հետ ։ Անիկա ուղեւորութիւն մըն է դէպի եղբայրութիւն։ Այս լուսանկարները մեզ պիտի օգնեն մեր աչքերը բանալու եւ մեզ կանգնեցնելու մեր կուրութեան դիմաց։ ըսաւ Տիար Փաուլօ Ռուֆինի աւելցնելով որ այդ լուսանկարները մեզի ցոյց կու տան ուղեւորութիւն մը, ւ Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքերով, մեզի հարց կու տանյ եթէ յոյսի կամ յուսալքումի մէջ կ՝ընթանանք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2023, 11:13