Որոնել

Մալթայի Ասպետական կարգի աւագ վարդապետի ընտրութիւն Մալթայի Ասպետական կարգի աւագ վարդապետի ընտրութիւն 

Եղբայր Ճոն Տունլափ ընտրուեցաւ Մալթայի ասպետական կարգի նոր «Մեծ Վարպետ»

Մեծ վարպետը Մալթայի ասպետական կարգի ղեկավարն է, որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ աշխարական կրօնական միութիւն մըն է միաժամանակ միջազգային իրաւունքով կառավարուող մարմին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մալթայի ասպետական կարգը ընտրեց իր նոր մեծ վարպետը յանձինս Քանատացի 66 ամեայ Եղբայր Ճոն Տուլափ, հանդիսանալով ասպետական կարգի 81-րդ աւագ վարպետ։

Մեծ վարպետը՝ ընտրական մարմնի կողմէ ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ Հռոմի «Վիլլա Մաճիսթրալէ» անուան պալատին մէջ Մալթայի ասպետական կարգի երկու հաստատութիւններուն կեդրոններէն մէկը՝ ուր ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ ընտրուեցաւ նոր մեծ վարպետ, 18 տարբեր երկիրներէ ժամանած ընտրութեան իրաւունք ունեցող 99 անդամներու ձայներով։

Նոր ընտրեալ մեծ վարպետը երդման արարողութիւնը կատարեց 3 մայիսին, Քահանայապետին ներկայացուցիչ կարդինալ Սիլվանօ Մարիա Թոմասին, Հռոմի «Աւենթինօ» շրջանի Սրբուհի Մարիամ տաճարին մէջ, ներկայութեամբ ասպետական կարգի խորհուրդի անդամներուն։ Նոր կանոնագիրքին 13 յօդուածին համաձայն նոր մեծ վարպետը պիտի պաշտօնավարէ 10 տարի։

Յայտնենք, թէ մեծ վարպետը, Մալթայի ասպետական կարգի ղեկավարն է, որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ աշխարական կրօնական միութիւն մըն է միաժամանակ միջազգային իրաւունքով կառավարուող մարմին։

Մալթաի Ասպետական կարգը ներկայ է աշխարհի աւելի քան 120 երկիներուն մէջ եւ ունի 2 հազարէ աւելի ընկերա-բժշկական ծրագիրներ, ուր կը գործեն աւելի քան 120 հազար կամաւորներ ու բժիշկներ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2023, 11:31