Որոնել

2020.09.05 Vangelo del giorno spighe grano campo

Ուքրանական հացահատիկի հայող համաձայնագիրը երկխօսութեան օրինակ. Կալլակէր

Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր իր մասնակցութիւնը բերաւ` «Խաղաղութիւն եւ Հաց» խորագիրով Թուրքիոյ եւ Ուքրանիոյ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններէն համատեղ կազմակերպուած ձեռնարկին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եթէ իրական է որ «չկայ խաղաղութիւն առանց հացի», որովհետեւ ապրելու համար անհրաժեշտը յաճախ ընկերային լարուածութիւններ կը ստեղծէ, նոյնպէս ալ «չկայ հաց առանց խաղաղութեան» եւ այս մէկին վկայութիւնն է Ուքրանիոյ պատերազմը, որ «ոչ միայն բազմաթիւ մահերու, վիրաւորներու, անյայտ կորածներու, գաղթականներու եւ ներքին տեղահաններու ինչպէս նաեւ քաղաքացիական կառոյցներու ու ենթակառոյցներու կործանումին տխուր հաշուեկշիռ մը կը ներկայացնէ», այլեւ յառաջացուցած է համաշխարհային սնունդի տագնապ մը, որ կապուած է Սև ծովի նաւահանգիստներէն հացահատիկի արտահանման շրջափակումին, որուն բերումով 2022 թուականին ներգրաւուեցան մոլորակի ամենաաղքատ երկրներէն 47 միլիոն անհատներ»։ Այս մէկը կը յիշեցնէ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրը, որ երէկ` 4 մայիս 2023ին իր մասնակցութիւնը բերաւ «Խաղաղութիւն եւ Հաց» խորագիրով ձեռնարկին, որ կազմակերպուած է Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Թուրքիոյ եւ Ուքրանիոյ դեսպանատուներուն կողմէ, նպատակ ունենալով աջակցիլ “Black Sea grain initiative” համաձայնագիրի խթանումին, որուն միջոցաւ, Քիեւի եւ Մոսկուայի համաձայնութեամբ, կարելի եղաւ հացահատիկներու արտահանումը։

Աջակցիլ ու պաշտպանել հացահատիկի արտահանումին հայող համաձայնութիւնը

Դիտել տալով, որ Ուքրանիան հացահատիկ մատակարարող աշխարհի առաջատար երկիրն է, Վատիկանի դիւանագէտը նշեց, թէ վերոնշեալ համաձայնագիրը ոչ միայն պէտք է գնահատուի այլ «առաջին հերթին պէտք է անոր աջակցիլ, պահպանել անոր բնութիւնը և պաշտպանել զայն ​​հնարաւոր շահագործումներէն և չարաշահումներէն»:

Կալլակէր ընդգծեց համաձայնագիրի երկու երեւոյթները` առաջինը, թէ ան ստորագրուած է «որպէս մարդասիրական ծրագիր» իսկ երկրորդը` որովհետեւ անիկայ կը նկատուի «կողմերու միջեւ միակ եւ առաջին համաձայնագիրը Ուքրանիոյ վրայ ներխուժումէն ետքը», եւ ցոյց կու տայ թէ «կ՛արժէ դիմել դիւանագիտական ջանքերուն, որոնք կարող են պտղաբեր ըլլալ»։

Վերակառուցել վստահութեան մթնոլորտ

Գերապայծառ Կալլակէր հաստատեց նաեւ, թէ մէկ ու կէս տարի ետք խաղաղութիւն հաստատելու բոլոր ջանքերը կը մնան ապարդիւն, նկատել տալով սակայն, թէ «եթէ լաւապէս խնամք տարուի եւ ի գործ դուրի վերոնշեալ համաձայնագիրը, ան կարող է ծառայել վերակառուցելու համար վստահութեան մթնոլորտը, որուն մեծ կարօտը կայ այսօր, եւ կարող է զարգանալ ու դառնալ պտղաբեր երկխօսութիւն, ներառելով այլ հրատապ հարցեր։

Այնպէս ինչպէս անցեալ Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեցուցած էր իր Ուրպի Էթ Օրպի պատգամին մէջ. «սնունդը կարող է խաղաղութեան գործիք ըլլալ, որուն միջոցաւ կարելի է վերագտնել 2022 թուականի փետրուարի 24-ին կորսուած ճանապարհը, ճանապարհ` որ հակառակ է պատերազմին, մարդկութեան ճանապարհը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2023, 09:00