Որոնել

cq5dam.thumbnail.cropped.1500.844.jpeg

Խթանել «սիրող մերձաւոր» ըլլալու մշակոյթը նաեւ թուային աշխարհէն ներս

Այսօր Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացուեցաւ «Դէպի լիակատար ներկայութիւն. Հովուական խորհրդածութիւն հասարակական լրատուամիջոցներու հետ յանձնառութեան մասին» փաստաթուղթը
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Այսօր՝ ժամը 12.30-ին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան վերատեսուչ Փաոլօ Ռուֆֆինիի գլխաւորութեամբ կայացաւ ասուլիս, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ «Դէպի լիակատար ներկայութիւն. Հովուական խորհրդածութիւն հասարակական լրատուամիջոցներու հետ յանձնառութեան մասին» փաստաթուղթը:

Ոգեշնչուած «Բարի սամարացիի» առակէն՝ ան մտադիր է համատեղ մտորումներ նախաձեռնել խթանելու համար «սիրող մերձաւոր» ըլլալու մշակոյթը նաեւ թուային ոլորտէն ներս՝ նիւթին մօտենալով տարբեր տեսանկիւններէ.

Զգուշացում «թուային ճանապարհներու» թակարդներէն

Թուային յեղափոխութիւնը՝ հնարաւորութիւններ ստեղծելուն զուգընթաց, կը ներկայացնէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Փաստաթուղթը կը զգուշացնէ այն ծուղակներէն, որոնց կը հանդիպինք «թուային ճանապարհներով» քալելու ժամանակ, ուր անհատները յաճախ թէ սպառողներ են եւ թէ՝ ապրանքներ: Ուստի քրիստոնեաները հարց պէտք է տան, թէ ինչպէս այդ դարձնել փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած փոխանակման, համագործակցութեան և պատկանելութեան վայր:

Իրազեկում, որ պէտք է վերածուի իսկական հանդիպումի

Համացանցերու լրատւութեան մէջ «մերձաւոր» դառնալը կը սկսի լսելու պատրաստակամութենէն՝ գիտակցելով, որ առցանց մարդիկ, իրական մարդիկ են: Փաստաթուղթի նպատակն է առցանց կապը վերածել իրական հանդիպումներու, իրական յարաբերութիւններու, որոնք կ՛ամրապնդեն տեղական համայնքները: Կարող ենք ճանչնալ մեր թուային մերձաւորը, երբ սկսենք հասկնալ, որ անոր տառապանքը մեզի ալ կը վերաբերէ:

«Մենք երբեմն բարի սամարացի ենք, երբեմն ալ վիրաւոր. երկու պարագային ալ կրնանք նպաստել թուային թունաւոր միջավայրի ստեղծած վէրքերու ապաքինմանը», կը շեշտուի Փաստաթուղթին մէջ:

Առանձնայատուկ ոճ

Քրիստոնեաները լրատուական համացանց կը ներմուծեն յատուկ «ոճ», որ Քրիստոսէն կը ծագի, որ մեզ սիրեց և ինքզինք նուիրեց մեզի՝ խօսքերով, գործերով, հոգիով և մարմնով: Մեզի սորվեցուց, որ ճշմարտութիւնը կը բացայայտուի հաղորդութեան մէջ, և որ հաղորդակցութիւնը նոյնպէս կը բխի հաղորդութենէն, այսինքն՝ սէրէն:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2023, 12:49