Որոնել

Հինտուներ Հինտուներ  (©WONG SZE FEI - stock.adobe.com)

Հռոմի մէջ Հինտուներու եւ Քրիստոնեաներու միջեւ հանդիպում

Կազմակերպութեամբ Միջ կրօնային երկխօսութեան վերատեսչութեան, Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Հինտու եւ Քրիստոնեայ կրօնային աւանդութիւնները ներկայացնող աւելի քան 55 անձերու միջեւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 3 մայիսին, Միջ կրօնային երկխօսութեան վերատեսչութիւնը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ Հռոմի մէջ Հինտու եւ Քրիստոնեայ կրօնային աւանդութիւնները ներկայացնող աւելի քան 55 անձեր մասնակցած են «Հինտուները եւ քրիստոնեաները Եւրոպայի մէջ. միասին կերտել նոր մարդկայնապաշտութիւն հինուած եղբայրութեան վրայ» նիւթով հանդիպումին, զոր տեղի ունեցած է 2 մայիսին, կազմակերպութեամբ միջ կրօնային երկխօսութեան վերատեսչութեան համագործակցութեամբ Hindu Forum of Europe, Իտալիոյ Ինտուներու միութեան եւ եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդին։

Հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, թէ հանդիպումի ընթացքին մասնակիցները անդրադարձած են Եւրոպայի մէջ Հինուներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ փոփոխուող յարաբերութիւններուն ու մտածած են միջ կրօնական երկխօսութեան, զօրակցութեան եւ հիւրընկալութեան միջոցով մարդկային աճին նպաստող հարցերու շուրջ համագործակցութիւնը խթանելու ուղիները։

Վերոյիշեալ հանդիպումի ընթացքին Հինտուները եւ Քրիստոնեաները բարձր գնահատելով ճանչցած են թէ Հինտու Vasudhaiva Kutumbakamի «Հայմայն աշխարհը մէկ ընտանիք է» գաղափարը ինչպէս նաեւ ֆրանչիսկոս Պապին Fratelli tutti նամակը կը ծառայեն, որպէս կողմնացոյցներ առաջնորդելու համար Հինտուներն ու Քրիստոնեաները դէպի նոր մարդկայնապաշտութիւնը, միշտ աւելիով միջ կրօնակային եւ միջ մշակութային Եւրոպային մէջ։

Վերոյիշեալ հանդիպումի մասնակիցները, այսօր՝ 3 մայիսին, մասնակցած են նաեւ ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութեան։ Նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2023, 13:57