Որոնել

Սուրիոյ մէջ երկրաշարժ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժ  (AFP or licensors)

Կարդինալ Զէնարի. «Ասիկա ժամն է օգնելու աղքատ ժողովուրդին, բաժանումներէն անդին»։

Սուրիոյ մէջ նախ իսկական ռմբակոծումներ ապա աղքատութիւն, իսկ հիմա երկրաշարժ ու այս աղէտներու վրայ միջազգային պատժամիջոցներ, որոնք արգելք կը հանդիսանան միջազգային զօրակցութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրիոյ մէջ Պապական նուիրակ, կարդինալ Մարիօ Զէնարի, դամասկոսէն ինքնաշարժով հալէպ փոխադրուեցաւ,՝ այցելելու համար երկրաշարժէն կործանուած վայրերը ու տառապող ժողովուրդը։

Հալէպ ժամանումին, «Վատիկան Նիուզի» հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, Կարդինալ Զէնարի տեղեկացուց Հալէպի մէջ երկրաշարժի հետեւանքներուն, հազարաւոր մեռեալներուն, փուլ եկած շէնքերուն եւ ահաւոր կործանումներուն մասին, նշելով, թէ Հալէպը արդեն «նահատակուած քաղաք»մըն է, որ տարիներէ ի վեր ենթարկուած է պատերազմներուն ու ահաբեկչութիւններոն։

«Նախ իսկական ռմբակոծումներ, ապա աղքատութիւն, իսկ հիմա երկրաշարժ» ըսաւ կարդինալ Զէնարին աւելցնելով, որ այդ աղէտներու վրայ կ՝աւելնան միջազգային պատժամիջոցները, որոնց պատճառաւ ոչ մէկ օգնութիւն կը հասնի Սուրիա՝ օգնելու համար երկրաշարժէն տուժած ժողովուրդին։

«Կը յուսամ, որ քիչ մը ողջամտութիւն եւ մարդասիրութիւն տիրէ, նախ եւ առաջ ազգային մակարդակի վրայ, որովհետեւ դժբախտաբար պատերազմը տակաւին չէ վերջացած ու կը փափաքիմ, որ պատերազմները մէկդի դրուին ու նայիլ այս աղքատ ժողովուրդին, մարդասիրութեան զգացումով»։ ըսաւ Կարդինալ Զէնարի ընդգծելով, որ միջազգային գետնի վրայ անհրաժեշտ է շտապ օգնութեան հասնելու ժողովուրդին, քաղաքական բաժանումներէն անդին եւ սա պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ միջազգային ընտանիքին համար մարդասիրութեան փորձ մը»։

Կարդինալ Զէնարի խօսեցաւ Սուրիոյ մէջ եկեղեցւոյ ունեցած դերակատարութեան մասին նշելով, որ անցեալ տարի կաթողիկէ եկեղեցին գումարած է համաժողով մը «Եկեղեցին եղբայրսիրութեան, սինոդականութեան եւ համակարգումի տուն» նիւթին շուրջ եւ մի քան ամիս առաջ եպիսկոպոսներու ժողովը հիմնած է եպիսկոպոսական յանձնաժողով մը՝ եղբայրսիրութեան աւելի համակարգուած գործունէութեան համար, հետեւաբար մեծ ուժով գործ կը կատարուի այդ ծիրէն ներս եւ կը փնտռուի աւելի մեծ փորձառութիւն եւ մասնագիտական կարողութիւն ձեռք բերել։

Կարդինալ Զէնարի ըսաւ, որ ինք մինչեւ հինգշաբթի 9 յունուար Հալէպ պիտի մնայ այցելու համար հասարակութիւնները եւ համակարգելու օգնութիւնները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2023, 09:47