Որոնել

UKRAINE-RUSSIA-CONFLICT-WAR

Կալլակէր. Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը դաժան է, Եկեղեցին վառ կը պահէ խաղաղութեան երազանքը

Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապ. Փոլ Կալլակէր Վատիկանեան լրատուամիջոցներուն բացատրեց Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութեան դերը` մէկ տարի առաջ սկսած պատերազմի ծիրէն ներս։ Ուքրանիոյ ժողովուրդին մօտիկութեան առընթեր նպատակը կը մնայ` ստեղծել խաղաղութեան հասնելու համար բանակցութեան կարելիութիւն մը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ուքրանիոյ պատերազմի սկիզբին մէկ տարի ետք Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր, Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարը Վատիկանեան լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, զոր վարեց Վատիկան Նիուզ – Ռատիօ Վատիկանի` Ուքրանական բաժնի գահընկերուհիի Սվիթլանա Տուխովիչը, բացատրեց Վատիկանեան դիւանագիտութեան դերակատարութիւնը, վերջ դնելու համար այս ահեղ պատերազմին։

Ֆրանչիսկոս Պապին նախաձեռնութիւնը

Այս գործընթացքը խրախուսողն ու ոգեւորողը «Սրբազան Պապին նախաձեռնութիւնն է», Անոր շարունակական կոչերով «Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումին ի նպաստ»։ Մենք կը ջանանք չմոռնալ «պատերազմին վայրագութիւնն ու դաժանութիւնը» հաստատեց ի միջի այլոց Վատիկանի դիւանագէտը, յոյս արտայայտելով «հնարաւոր բանակցութեան» մը կարելութեան ուղղութեամբ, որ տանի խաղաղութեան։

Եկեղեցին պէտք է խօսի խաղաղութեան լեզուն

«Մինչ Ուքրանիոյ համար ու նաեւ այլ բազմաթիւ դերակատարներու համար դժուար է խօսիլ երկխօսութեան ու խաղաղութեան մասին, հաշտութեան մասին, Եկեղեցին, Սուրբ Աթոռը եւ Սրբազան Քահանայապետը կարող ու պէտք են կատարել այդ մէկը, որ հիմնական է, այն է վառ պահել խաղաղութեան երազանքը» շետեց Գերապայծառ Կալլակէր։

Ան ապա նշեց, թէ Եւրոպացիները Բ. համաշխարհային պատերազմէն ետքը մտածեցին թէ Եւրոպական ցամաքամասի մէջ պատերազմը այլեւս տեղի պիտի չունենար բայց, ըսաւ Ան, «մենք այժմ կը գտնուինք այդ իրականութեան դիմաց»։

Երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ պատերազմ

«Այս պատերազմը` պատերազմ է երկու Երկիրներուն միջեւ, որոնք կը բաժնեկիցն երկար պատմութիւն, բազմաթիւ մշակութային ոլորտներ ու նաեւ ոչ նուազ կրօնական աւանդութիւններ։ Ասոր համար այս մէկը պատերազմը կը դարձնէ աւելի խնդրայարոյց։ Բոլոր Պատերազմներն ալ դաժան են, այս պատերազմը սակայն մեզ կը դնէ ի դէմ իրականութեան մը` որ շատ աւելի դժուար է միւսներէն, որովհետեւ ճանչնալով հանդերձ Ռուսիոյ ծանր արարքները, մենք Ռուսաստանը կը նկատենք շատ կարեւոր Երկիր մը, երկար պատմութեամբ Երկիր, ու ի վերջոյ մենք պէտք է խաղաղութիւնը կառուցենք, ու նաեւ Ռուսիոյ հետ ապագայի յարաբերութիւնը։ Այս մէկը պատերազմի ընթացքը կը դարձնէ շատ դժուար» ըսաւ Գերապայծառ Կալլակէր, որ ապա անդրադարձաւ անցեալ տարուայ Մայիսին Քիեւ կատարած իր այցելութեան, երբ ականատես դարձաւ մարդոց տառապանքներուն ու պատերազմի ընթացքին գործադրուած վայրագութիւններուն։

Վատիկանեան դիւանագիտութիւնը` մօտիկութիւն

Գերապայծառ Կալլակէր խօսեցաւ նաեւ Ուքրանիոյ մէջ առաքելական նուիրակ` Գերապայծառ Վիսվալտաս Քուլպոքասին ի գործ դրած մեծ աշխատանքին ու քաջ առաքելութեան մասին, ակնարկելով նաեւ Կարդինալ Զենարիին Սուրիոյ մէջ տարած գործունէութեան, այս մէկը նկատելով «Վատիկանի դիւանագիտութեան աւանդութեան մաս կազմող գործունէութիւն ու յանձնառում», որ ըսաւ Ան «քաղաքական չէ այլ դիւանագիտական։ Յանձնառում է ի նպաստ ժողովուրդին, Եկեղեցւոյ»։

«Մեր նպատակն է մօտիկ ըլլալ ժողովուրդի ցաւերուն. Քահանայապետին կամքն է ունենալ զօրակցական հոգի, այնպէս ընել, որ իր անձնական մօտիկութիւնը արտայայտուի իր ներկայացուցիչներուն միջոցաւ», հաստատեց Վատիկանի Դիւանագէտը։

Վառ պահել յոյսը` խաղաղ ապրելու երազանքը

Այն հարցումին թէ ինչպէս ուքրանացի ժողովուրդը կարող է ձգտիլ խաղաղութեան Գերապայծառ Կալլակէրը մատնանշեց թէ այդ մէկը ընելու համար հայրերն ու մայրերը նայելով իրենց զաւակներուն պէտք է յուսան` որ անոնք ապրին խաղաղ Երկրի մը մէջ։ «Անոնք պէտք է պահպանեն այդ երազը, հակառակ բոլոր տառապանքներուն եւ դժուարութիւններուն, հակառակ Ռուսիոյ հետ այսօր գոյութիւն ունեցող այս դժուար պահուն։ Անոնք պէտք է նաեւ յիշեն ազատութեան տարիները, խաղաղութեան տարիները` զոր ապրեցան այդ Երկրին մէջ, իր անկախութենէն ետքը, պէտք է ապագային նային լաւատեսութեամբ, ու մտածելով երկրին վերակառուցումին»։

«Այդ Երկրին մէջ վերակառուցելու եւ հաշտեցնելու շատ բաներ կան» հաստատեց Գերապայծառ Կալլակէրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2023, 10:00