Որոնել

Պենետիկտոս ԺԶ.ի յարգանքի տուրք. Կը շարունակուի հաւատացեալներուն հոսքը ս. Պետրոս տաճար

5 Յունուարին նախատեսուած յուղարկաւորութեան արարողութեան աւարտին, զոր պիտի նախագահէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վաստակաւոր Քահանայապետին մարմինը պիտի զետեղուի Սուրբ Պետրոս տաճարի գետնադամբանին մէկ գերեզմանին մէջ, որ ժամանակին եղած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին գերեզմանը, նախ քան անոր աճիւններուն փոխադրումը Սուրբ Պետրոս տաճարի աջ կողմի մէկ խորանին տակ, Անոր Սուրբ հռչակումէն ետքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկրորդ օրն ըլլալով մեծ թիւով հաւատացեալներ կը փութան Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճար իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու երբեմնի Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ.ին, որուն մարմինը զետեղուած է տաճարի կեդրոնական խորանին առջեւ, ուր այցելուները առիթը ունին անոր առջեւէն անցնելու եւ աղօթք մը կատարելու Անոր հոգւոյն հանգստեան համար։

Երէկ` 2 Յունուարի երեկոյեան, Վատիկանի Ոստիկանութիւնը տեղեկացուց թէ առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7-ն մօտ 65.000 մարդ այցելեց Սուրբ Պետրոս տաճարը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին։

Անոնց թիւը այսօրուայ տուեալներուն համաձայն գերազանցեց հարիւր հազարը։

Կը շարունակուի հաւատացեալներուն հոսքը ս. Պետրոս տաճար

Միշտ երէկ յայտարարուեցաւ թէ յառաջիկայ հինգշաբթի օր` 5 Յունուարին նախատեսուած յուղարկաւորութեան արարողութեան աւարտին, զոր պիտի նախագահէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վաստակաւոր Քահանայապետին մարմինը պիտի զետեղուի Սուրբ Պետրոս տաճարի գետնադամբանին մէկ գերեզմանին մէջ, որ ժամանակին եղած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին գերեզմանը, նախ քան անոր աճիւններուն փոխադրումը Սուրբ Պետրոս տաճարի աջ կողմի մէկ խորանին տակ, Անոր Սուրբ հռչակումէն ետքը։ Այս մէկը պիտի կատարուի ննջեցեալ Քահանայապետի խնդրանքով, որ ի միջի այլոց խնդրած էր նաեւ, որ թաղման կարգը կատարուի ամենայն պարզութեամբ։

Բազմաթիւ են արդարեւ այն հաւատացեալները` կրօնաւորներ եւ աշխարականներ, որոնք յուզմունքով կը յիշեն երջանկայիշատակ Քահանայապետը ու կը վկայեն իրենց սէրն ու յարգանքը Անոր նկատմամբ, որ հետք ձգեց իրենց կեանքին մէջ եւ իր շրջահայեաց առաքելութեամբ, ուսուցումներով եւ վկայութեամբ շրջադարձային դեր ունեցաւ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, յատկապէս երբ Ան 2013ի փետրուարին որոշեց հրաժարիլ Սուրբ Պետրոսի գահէն ապշահար թողելով համայն աշխարհը։

Ունկնդրէ լուրը

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետութեան հակիրճ հաշուեկշիռ

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Քահանայապետութեան հաշուեկշիռի մը համար պէտք է մեկնիլ հրաժարականէն, զոր Ան անակնկալ կերպով ներկայացուց 2013-ի Փետրուար 11-ին, Լատիներէն լեզուով կարդացած կարճ յայտարարութեամբ, ապշահար կարդինալներու ներկայութեամբ։

Երկհազարամեայ Եկեղեցական պատմութեան մէջ երբեք Քահանայապետ մը թողած չէ իր գահը, որովհետեւ ինքզինք ֆիզիկապէս անյարմար կը զգար Քահանայապետութեան բեռը շալկելու համար։

Միւս կողմէն Փիթըր Սիվալտ լրագրողին տուած պատասխանով, որ պարունակուած է «Աշխարհի Լոյս» տիտղոսով լրագրողին Պենետիկտոս ԺԶ-ի հետ ունեցած հարցազրոյց գրքոյկին մէջ, եւ որ հրապարակուած էր հրաժարականէն երեք տարիներ առաջ, Ան տեսակէտով մը կանխատեսած էր այդ պահը ըսելով «Երբ քահանայապետ մը կը հասնի այն յստակ գիտակցութեան որ Ֆիզիկապէսս, մտային ու հոգեւոր գետնի վրայ անկարող է կատարելու իրեն յանձնուած պաշտօնը, այդ ժամանակ ան իրաւունք ունի ու մի քանի պարագաներուն նաւ պարտաւորութիւնը ունի հրաժարական ներկայացնելու»։

Պենետիկտոս ԺԶ-ի հրաժարականը պատմական աննախընթաց քայլ մը եղաւ սակայն սխալ ու անտեղի պիտի ըլլար զայն յիշել միայն այդ քայլին համար։

Տիեզերական Ժողովին «Երիտասարդ» աստուածաբան

1927-ի ծնունդ, ոստիկանի զաւակ, Պավիերայի մէկ պարզ ու դունդ կաթողիկէ ընտանիքի զաւակ, Ժոզէֆ Ռացինկեր եղաւ վերջին դարու Եկեղեցւոյ դերակատարներէն մին։

Քահանայ ձեռնադրուած իր եղբօր Կէորկին հետ միասին 1951 թուականին, երկու տարի ետք կը դառնայ Աստուածաբանութեան Մասնագէտ ու 1957-ին պաշտօնական ճանաչում կ՛ընդունի որպէս Ուսուցիչ՝ դասաւանդելու դաւանաբանական աստուածաբանութիւնը։

Ան կը դասաւանդէ Ֆրիզինիա, Պոն, Միւնսթըր Թուպինկա եւ Ռաթիզպոնի համալսարաններուն մէջ։

Պենետիկտոս ԺԶ վերջին Քահանայապետերէն մին է, որ ներգրաւուեցաւ Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի աշխատանքներով։ Երիտասարդ հասակին ան արդէն գնահատուած աստուածաբան մըն էր ու մօտէն հետեւած է տիեզերական Ժողովի աշխատանքներուն, որպէս փորձագէտ Քոլոնիայի Ֆրինկս Կարդինալի մօտ։ Ան մաս կը կազմէր անոնց, որոնք զօրեղ կերպով քննադատեցին Հռոմի Քուրիայի կողմէ պատրաստուած նախագիծերը, որոնք ապա եպիսկոպոսներու որոշումով չեղեալ նկատուեցան։ Երիտասարդ աստուածաբան Ռացինկերի համար փաստաթղթերը պէտք են պատասխաններ տան հրատապ հարցերուն ու այս մէկը պէտք է ընեն, կարելիութեան շրջանակէն ներս, առանց դատապարտելու ու դատելու, այլ օգտագործելով մայրական ոճ մը»։

“Եկեղեցին պէտք է ձերբազատուի քաղաքական եւ նիւթական առանձնաշնորհումներէն, լաւագոյն կերպով նուիրուելու եւ ծառայելու համայն աշխարհին եւ բաց գտնուելու բոլորին դիմաց: Այս եղած է միշտ Պենետիկտոս Պապին յորդորը՝ ուղղուած եկեղեցականներուն:”

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2023, 11:05