Որոնել

Ուքրանիոյ պատերազմին հետեւանքները Ուքրանիոյ պատերազմին հետեւանքները  Խմբագրական

Ինը ամիսներէ ի վեր պատերազմ. վէրք, որ մեզ կը ներգրաւէ որպէս քրիստոնեաներ

Միևնոյն մկրտութիւնը կիսող ժողովուրդներու միջև հակամարտութեան գայթակղութիւնը. Անտրէա Թորնիելլիի խմբագրականը
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէն Տիար Անտրէա Թորնիելլի 14 նոյեմբերին հրապարակած խմբագրականը նուիրեց Ուքրանիոյ ահռելի պատերազմին, որ կը թեւակոխէ իններորդ ամիսը։

«Ինը ամիսները ժամանակն է, որուն ընթացքին մարդկային կեանքը մը կը ձեւաւորուի մայրական արգանդին մէջ, որպէսզի ապա աշխարհ գայ, բայց Ուքրանիայի մէջ պատահածը յղիութիւն չեղաւ, այլ եղաւ միայն մահ, ատելութիւն եւ կործանում» կը գրէ Թորնիելլի մատնանշելով, որ այս պատերազմը կը ներգրաւէ երկու ժողովուրդներ, որոնք կը պատկանին Քրիստոսի մէջ միեւնոյն հաւատքին եւ նոյն մկրտութեան։

«Ռուս եւ Ուքրանացի քրիստոնեաները կը բաժնեկցին Արեւելեան Եկեղեցիներուն նոյն ծէսը, եւ նոյն հոգեւորականութիւնը, եւ այսօր փորձ կը կատարուի թաքնեցնել այս միեւնոյն հաւատքի ու ծիսական աւանդութիւններուն միասնական պատկանելիութիւնը` պատերազմի քարոզչութեան հետ կապուած պատճառներու համար»։

«Երբ պատերազմիս, երբ կը սպանես, պէտք ես մոռնալ միւսին մարդկային դիմագիծը, ինչպէս կը յիշեցներ խաղաղութեան մարգարէ հայր Թոնինօ Պեելոն, ու պէտք ես նաեւ մոռնալ թէ միւսը քու միեւնոյն մկրտութիւնդ ունի» կը նշէ Անտրէա Թորնիելլին իր խմբագրականին մէջ, քրիստոնեաներու միջեւ Եւրոպայի մէջ բռնկած այս պատերազմը նկարագրելով. «ցաւալի վէրք մը Յիսուսի հետեւորդներուն համար»։

«Այստեղ, կը գրէ միշտ Թորնիելլին, յարձակողները կը կարդան յարձակումի թիրախներուն միեւնոյն Աւետարանը» եւ ասկէ մեկնելով հարց կու տայ, թէ «ո՞րքան ճանապարհ պէտք է կտրէ աւետարանական պատգամը, որպէսզի  մուտք գործէ քրիստոնեաներուն սրտին մէջ և թափանցէ անոնց մշակոյթին մէջ, որպէսզի մարմնաւորուի Յիսուսին օրինակը, որ Գեթսէմանիի պարտեզին մէջ հրամայեց Պետրոսին իր սուրը դնել պատեանին մէջ»։

Թորնիելլի ցաւով կը նկատէ, թէ «Ուկրանիայի մէջ շարունակուող հակամարտութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ միասնական աւանդութեան պատկանիլը, որ կը վերաբերի նոյն աւետարանական աւետիսէն բխող ինքնութեան և մշակոյթին, բաւարար չէ մեզ թոյլ չտալու սայթաքիլ բռնութեան, ատելութեան, պատերազմի, մարդասպանութեան բարբարոսութեան մէջ: Եւ այդ վէրքը բաց պահելը կը նշանակէ ամէն օր յիշել, որ մեր հաւաքը եւ մեր կրօնական աւանդոյթները չեն կրնար երբեք նկատել ձեռք բերուած։ Այս կը նշանակէ, թէ մենք կարող ենք գործել որպէս քրիստոնեաներ միայն շնորհքի շնորհիւ, ոչ թէ աւանդութեամբ կամ մշակոյթով։ Կը նշանակէ յիշել Յիսուսին խօսքերը. «Առանց ինծի ոչ մէկ բան կարող էք ընել», որպէսզի վերադառնանք ըլլալու Անոր խոնարհ մուրացկանները, Անոր խաղաղութեան մուրացկաններ` Անոր` որ կենդանի է եւ այսօր եւս ներկայ է մեր մէջ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2022, 14:00