Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։ 

Կարդինալ Փարոլին. «Ուքրանիան թող անապատէն դառնայ ծաղկուն պարտէզ»։

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին Հռոմի Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 17 նոյեմբերին, յետմիջօրէին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց, Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան ի սպաս

Խաղաղութեան նուիրուած սուրբ Պատարագը մատուցուեցաւ, նախաձեռնութեամբ, Սուրբ Աթոռի մէջ Ուքրանիոյ դեսպանատան, համագործակցութեամբ Պետական քարտուղարութեան, Առաքելական Աթոռի եւ Ուքրանիոյ միջեւ դիւանագիտական կապերու վերահաստատման 30 ամեակի առիթով։

Պատարագէն առնուած լուսանկար
Պատարագէն առնուած լուսանկար

Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ կարդինալ Փարոլին կոչ ուղղեց «չյանձնուելու հիասթափութեան եւ անվստահութեան փորձութեան՝ինը ամիսներէ ի վեր սկսած Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի դիմաց, որ պատճառեց կործանում եւ մարդկանց դատարկում»։

Ան նկատել տուաւ, որ մահուան տեսարանին մէջ ուր արիւն ու արցունք կը հոսի, Աստուծոյ խօսքը կը հակասէ պատերազմի սարսափին եւ մարդկային ջանքերուն ձախողութեան ապացոյցին, աւելցնելով, որ փլատակներու միջեւ Եսայի մարգարէն՝ Աստուծոյ մարդը կը տեսնէ վերակառուցման ճանապարհ մը. անապատը պիտի դառնայ պարտէզ մը, որ իր հերթին կը վերածուի ուռճացած անտառի։

«Անապատը» ըսաւ կարդինալ Փարոլին, «մոլորակի ոչ հիւրընկալ իրողութիւններէն մէկն է» , յորդորելով հայցել Տիրոջմէ, որ իր սուրբ հոգին սփռէ ազատելու համար մարդկութիւնը զինուած բախումներու պատուհասէն։

Կարդինալ Փարոլին քարոզը աւարտեց մաղթանք յայտնելով, որ տառապող Ուքրանիան անապատէն  դառնայ ու ըլլայ ծաղկող պարտէզ մը։

Պատարագէն առնուած լուսանկար
Պատարագէն առնուած լուսանկար

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2022, 09:20