Մահացած է սիւնաշարի տակ ապաստան գտած թափառաշրջիկ մը, Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 26 նոյեմբերին, առաւօտեան, մահացած է Սուրբ Պետրոսի հրապարակին սիւնաշարին տակ ապաստան գտող թափառաշրջիկ, աղքատ անձ մը։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն այդ թափառաշրջիկ անձին անունն է 61 ամեայ Պուրխարտ Շէֆլեր, ծնած Գերմանիոյ մէջ 1961ին։
Պուրխարտ Շէֆլեր երկար ժամանակէ ի վեր կ՝ապրէր ու կը թափառէր Հռոմի թաղերուն մէջ ու ապաստան գտած էր Սուրբ Պետրոսի հրապարակի սիւնաշարին տակ, օրուան հացը ճարելով ու խնամք գտնելով եղբայրսիրութեան համար վերատեսութեան բարեսիրական կեդրոնին մէջ։
Ցաւօք սիրտի Հռոմի մէջ անցեալ ցուրտ եւ անձրեւոտ գիշերները պատճառ դարձան անոր առողջապահական փխրուն վիճակի վատթարացման։
Թափառաշրջիկ Պուրխարտ Շէֆլերին մահուան ի լուր, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն, տիար Մաթէօ Պրունին հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքներու մէջ կը յիշէ սուրբ Պետրոսի հրապարակին սիւնաշարին տակ մահացած տիար Պուրխարտը ու բոլոր անոնք որոնք ստիպուած են ապրելու առանց բնակարանին, ըլլայ հռոմի, ըլլայ համայն աշխարհին մէջ։ Սրբազան Հայրը կը հրաւիրէ միանալու իր աղօթքներուն։
Քահանայապետական ողորմնաբաշխ կարդինալ Քրաեվսքի եւս, որ ուխտագնացութեամբ Ասիզզի կը գտնուի, իր աղօթքներուն մէջ կը յիշէ Պուրխարտ Շէֆլեր զայն յանձնելով Սուրբ ֆրանչիսկոսի բարեխօսութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ