Որոնել

1643733496473.jpg

Ընտանիքը և Պետութիւնները՝ երեխաներու բարօրութեան երաշխաւորներ. Գերապայծառ Կալլակեր

Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը՝ ելոյթ ունենալով Տաշքենդի մէջ ընթացող երեխաներու խնամքի և կրթութեան հայող համաշխարհային համաժողովին, ընդգծած է Սուրբ Աթոռի համար փոքրիկներու ամբողջական աճին ուղղուած համապարփակ մօտեցումի կարևորութիւնը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Ոչ մէկ երեխայ ետև չձգել» կը նշանակէ լաւագոյնս պաշտպանել անոնցմէ իւրաքանչիւրի շահերը՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով «սորուելու, ստեղծագործելու, մտածելու և յարաբերուելու ուրիշներու հետ՝ հիւրընկալ և մտերիմ միջավայրի մէջ»:

Այս միտքը հաստատած է Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը` Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր՝ «Վաղ մանկական տարիքի երեխաներու խնամքի և կրթութեան համաշխարհային համաժողովին», որ տեղի ունեցած է նոյեմբեր 14-էն 16-ը Իւզպէքիստանի մայրաքաղաք Տաշքենդի մէջ:

Խնամք և կրթութիւն

Վերոնշեալ նպատակի համար, Սուրբ Աթոռը «կ’աջակցի ամբողջական աճը երաշխաւորող համապարփակ մօտեցումին՝ խնամքը և կրթութիւնը մէկտեղելու համար, որուն իրաւունք ունի իւրաքանչիւր տղայ և աղջիկ», ընդգծած է Գերապայծառ Կալլակերը և աւելցուցած, որ այս գործին մէջ վճռորոշ է Եկեղեցւոյ դերը իր հսկողութեան տակ գտնուող 9230 մանկատուներու և 10441 մանկապարտէզներու նկատմամբ, «ուր հազարաւոր մանկավարժներ և սոցիալական աշխատողներ յաճախ կը գործեն անապահով միջավայրերու մէջ»:

Անոնց ջանքերը, ըստ Սուրբ Աթոռի պաշտօնեային «կը խթանեն երեխաներու ֆիզիկական և հոգեբանական ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի մշակոյթը՝ միաժամանակ ապահովելով սնունդի և առողջութեան հայող անոնց հիմնական կարիքները»:

Ընտանիքի և Պետութիւններու պարտականութիւնները

Երեխայի բարեկեցութիւնը «պէտք է անբաժան ըլլայ ծնողներու, յատկապէս մայրերու ներգրաւուածութենէ և ուղեկցութենէ»: Միաժամանակ, «Պետութիւններու պարտականութիւնն է»՝ այլ դերակատարներու հետ համագործակցութեամբ ՝ ինչպէս օրինակ Սուրբ Աթոռի պարագային, «երաշխաւորել երեխայի ամբողջական զարգացման համար նպաստաւոր ֆիզիկական, զգացական, մտաւոր և հոգևոր պայմանները», եզրափակած է Գերապայծառ Կալլակերը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2022, 11:00