Ֆրանչիսկոս Պապին հրամանագիրը քահանայապետական Զուիցերական պահակագունդի զօրանոցի վերանորոգման ծրագիրին վերաբերեալ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 3 սեպտեմբերին, հրապարակուեցաւ, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող ֆրանչիսկոս Պապին հրամանագիրը, որ կը վերաբերի քահանայապետական զուիցերական պահակագունդի նոր զօրանոցի վերանորոգման ծրագիրի վերահսկիչ յանձնախումբին կանոնագիրքին հաստատման։
Հրամանագիրին մէջ կը նշուի թէ, որ Ֆրանչիսկոս Պապ անցեալ 22 օգոստոսին, ընդունելով Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, վաւերացուց քահանայապետական զուիցերական պահակագունդի զօրանոցին վերանորոգումի ծրագիրին վերահսկիչ յանձնախումբի կանոնագիրքը, որուն առաջին յօդուածին մէջ սահմանուած է թէ վերահսկիչ յանձնախումբը հիմնուած է Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան եւ Վատիկանի Քահանայապետական պահակագունդի զօրանոցի վերանորոգման աշխատանքներու հաստատութեան միջեւ կնքուած համաձայնութեան առաջին օրէնքի վրայ։
Նշենք թէ յիշեալ յանձնախումբը որոշումներ կայացնող մարմինն մըն է բոլոր հարցերը լուծելու համար ներառեալ աշխատանքներուն ժամկէտներուն սահմանման համար։
Յանձնախումբին նախագահն է Վատիկանի Պետքարտուղարը որուն Աթոռ հաստատուած է Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան պալատին մէջ։
Տարբեր կանոններով պարունակուած Քահանայապետական զուիցերական պահակագունդի զօրանոցի վերանորոգման ծրագիրին վերահսկիչ յանձնախումբի օրակարգը, ուժի մէջ պիտի մտնէ անմիջապէս։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ