Հռոմի մէջ Արեւելեան Եկեղեցիներու նորանշանակ եպիսկոպոսներուն յատկացուած կազմաւորումի դասընթացք
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութիւնը հրապարակած հաղորդագրութեան մը միջոցաւ կը տեղեկացնէ թէ անցեալ հինգշաբթի 8 սեպտեմբերէն մինչեւ շաբաթ 10 սեպտեմբերին, Հռոմի «Pio Romeno» Քահանայապետական վարժարանէն ներս կազմակերպուած է երկօրեայ կազմաւորումի եւ իրար ճանաչողութեան դասընթացք յատկացուած Արեւելեան Եկեղեցիներու նորանշանակ 45 եպիսկոպոսներուն, որոնց շարքին է նաեւ Արհ. Պօղոս Եպիսկոպոս Հէքիմեանը` Հարաւային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ այս մէկը մեծ նորութիւն մըն է, Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան կազմակերպած կազմաւորումի աւանդական դասընթացքներու ծիրէն ներս, ու սահմանուած է միայն Արեւելեան Եկեղեցիներու պատկան եպիսկոպոսներուն, մինչ միւսը կը ներառէ բոլոր եպիսկոպոսները։
Աշխատանքային նիստերը «Փիօ Ռոմէնօ» վարժարանին մէջ
Հինգշաբթի 8 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած իրենց հանդիպումէն ետքը Արեւելեան Եկեղեցիներու պատկան նորանշանակ եպիսկոպոսները փոխադրուեցան «Փիօ Ռոմէնօ» Վարժարան, որ այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 85 ամեակը եւ որուն հիմնադիրը եղած է Պիոս ԺԱ Քահանայապետը` 1937 թուականին։
Փոխադարձ ճանաչողութեան առիթ
Աշխատանքային նիստերու բացման առթիւ իր ելոյթին մէջ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան վերատեսուչը Կարդինալ Լէնոնարտօ Սանտրի բացատրեց, որ այս հաւաքին նպատակն է նախ Վերատեսչութեան պատասխանատուներուն առիթ ընծայել հանդիպելու նորանշանակ եպիսկոպոսներուն հետ ու միեւնոյն ատեն այս վերջիններուս հնարաւորութիւն տալ իրարու հանդիպելու ու ծանօթանալու նաեւ անոնց` որոնք Քահանայապետի անունով Հռոմի մէջ ծառայութիւն կը մատուցեն իրենց եկեղեցիներուն։
Քննարկուած նիւթերը
Աշխատանքային նիստերու ընթացքին ի միջի այլոց ներկայացուեցաւ Վերատեսչութեան կազմը ու անոր առաքելութիւնը Praedicate Evangelium Առաքելական նոր Սահմանադրութեան ծիրէն ներս, հուսկ քննարկուեցան վարչական հարցեր ու ներկայացուեցան Վերատեսչութեան ու անոր այլ կառոյցներու գործունէութեան հայող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ կանոնական եւ մատակարարական նիւթեր։
Նշենք թէ աշխատանքային նիստերու առընթեր տեղի ունեցան նաեւ աղօթքի եւ խորհրդածութեան պահեր ու համապատարագ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ