Որոնել

Կարդինալ Փարոլինը Հարաւային Սուտանի տեղահանուածներուն՝ «Աստուած չի մոռնար ձեր կողմէ կրած անարդարութիւնները»

Կենցաղային և առողջական ծանր պայմաններու մէջ ապրող փախստականներու համար Պետքարտուղարը Պատարագ մատուցեց, որու ընթացքին շեշտեց, որ․ «Աստուած կը լսէ անոնց աղաղակը, որոնք կը տառապին անարդարութիւնէ, չարաշահումներէ, հալածանքներէ»:

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յուլիս 6-ին Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի Ճուպա այցելութեան երկրորդ օրուայ գլխաւոր հերոսները Երկրի հիւսիս գտնուող Պենթիու քաղաքի գաղթականներու համանուն կեդրոնի բազմաթիւ մանուկներն էին, որոնք  սպիտակազգեստ կանանց ու մեծ գլխարկներով պատանիներու, ինչպէս նաև իրենց խրճիթներէ դուրս թափուած հարիւրաւոր բնակիչներու հետ դիմաւորեցան Պետքարտուղարին՝ քաղաքի մուտքի մօտ և ընկերացան անոր մինչև Պենթիու կեդրոն։

Դուք իսկապէս լաւ քրիստոնեաներ էք, լաւ կաթողիկէներ

Փարոլինը՝ երգ ու երաժշտութեան ուղեկցութեամբ մուտք գործեց St. Martine de Porres ծխական համայնքը՝ եկեղեցւոյ դեր կատարող հսկայական կիսամութ խրճիթ մը՝ լուսաւորուած մոմի լոյսերով։ Անոր վերապահուած ջերմ և ուրախ ընդունելութիւը, որ բառերով նկարագրիլը դժուար է, չէր թաքցներ սակայն կենցաղային և առողջական ծանր պայմանները, որու մէջ կը գտնուէին այդ գաղթականները։

Կարդինալը խօսափողին մօտեցաւ յուզուած՝ ըսելով. «Ես իմ անունով չեմ հոս, այլ եկած եմ ձեզ բերելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ջերմութիւնը։ Եկած եմ նախապատրաստելու Անոր գալուստը ինչպէս Յովհաննէս Մկրտիչը: Պապը կը ցանկանայ գալ Հարաւային Սուտան»: Ան ապա աւելցուց «Դուք իսկապէս լաւ քրիստոնեաներ էք, լաւ կաթողիկէներ»:

Այնուհետև Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարը մատուցեց Սուրբ Պատարագ՝ այդ նպատակով պատրաստուած վրանի տակ, որու ընթացքին շեշտեց, որ․ «Աստուած կը լսէ անոնց աղաղակը, որոնք կը տառապին անարդարութիւնէ, չարաշահումներէ, հալածանքներէ»:

Սուրբ Պատարագի աւարտին ամբոխը կրկին «ճայթեց» ուրախ երգեցողութեամբ, մինչ Փարոլինը, կը փորձէր սեղմել ամէնու ձեռքերը՝ Ֆրանչիսկոս Պապի կենդանի և շօշափելի ջերմութիւնը անոնց փոխանցելու համար՝ ինչը և Ափրիկէ անոր ճամբորդութեան հիմնական նպատակն էր։

Կարդինալ Փարոլինի հանդիպումները

Պատարագէն առաջ Փարոլինը հանդիպած էր նահանգապետարանի անդամներու հետ։ Ոչ պաշտօնական հանդիպում մը՝ ողջոյններ փոխանակելու և խաղաղութեան և զարգացման ցանկութիւնը վերահաստատելու համար:

Հետևած էր հանդիպում Հարաւային Սուտանի մէջ ՄԱԿի առաքելութեան ղեկավար Փոլ Էփուեքոյին՝ վստահեցնելով, որ «Սուրբ Աթոռը կը գնահատէ այն, ինչ կ’արուէ  Կեդրոնի բնակչութեան համար»։

Պենթիու կեդրոնը

Պիտի մեր ձեռքերը մեր խիղճին վրայ դնենք, քանի որ «չենք կրնար ընդունիլ, որ այսօրեայ աշխարհին մէջ մարդիկը ապրին նման պայմաններու մէջ»՝ Պենթիու կեդրոն այցելութեամբ խորապէս տպաւորուած ըսած է Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարը Ճուպա վերադառնալէն ետք։

Նշենք, որ վերոնշեալ Պենթիու կեդրոնի մէջ ապաստան գտած են երիտասարդ Հարաւային Սուտանի անկախութենէ ընդամէնը երկու տարի անց՝ 2013էն մինչև 2020ը տևած քաղաքացիական պատերազմի հետևանքով տեղահանուածները։ Ժամանակի ընթացքին՝ յատկապէս 2019 թուականէն ի վեր, աւելցած են անոնք, որ լքած են իրենց տները ջրհեղեղներու պատճառով, որոնցմէ ամենէ աղետալին՝ 2021 թուականին եղած է։ Առատ անձրևները հեղեղած են ողջ տարածքը՝ պատճառելով բերքի և անասուններու անասելի վնասներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2022, 12:12