Որոնել

13 մարտ 2013 Ֆրանչիսկոս Պապ ընտրուեցաւ քահանայապետ 13 մարտ 2013 Ֆրանչիսկոս Պապ ընտրուեցաւ քահանայապետ 

Ոչ եւս է քահանայապետին Ֆրանչիսկոս անունը ներշնչող կարդինալ Հումմեսը։

Կարդինալ Հումմեսին մահով, կարդինալական դասը այժմ կը հաշուէ քահանայապետ ընտրելու իրաւունք ունեցող 116 կարդինալներ եւ 91 քահանայապետ ընտրելու իրաւունք չ՝ունեցող ծիրանաւորներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ոչ եւս է 87 ամեայ Սան Փաուլոյի երբեմնի արքեպիսկոպոս եւ Կղերի ժողովի երբեմնի կառավարիչ կարդինալ Քլաուտիօ հումմէսը, Ան որ քահանայապետին ներշնչեց ֆրանչիսկոս անունը։։

Կարդինալ Հումմես ծնած է Պրազիլի մէջ՝ ծագումով գերմանացի ընտանիքէ մը։ 1956ին, մտած է Ֆրանչիսկեաններու փոքրիկ եղբայրներու միաբանութիւնը։ Ուսանած է իմաստասիրութիւն, մասնագիտանալով համամիութենական ուսումներու մէջ՝ Ժընեւի Պոսէյ համալսարանէն ներս։ Եղած է դասատու Աստուածաբանութեան եւ իմաստասիրութեան նիւթերուն։

1996ին, անուանուած է արքեպիսկոպոս Քորթալեզա թեմին, ապա նշանակուած է պատասխանատու Պրազիլի մէջ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին ընտանիքի եւ մշակոյթի բաժանմունքի, հիմնական դեր ունենալով 1997ին, Ռիօ Տէ Ժանէրոյին մէջ կայացած ընտանիքներուն համաշխարհային Բ հանդիպումին՝ ներկայութեամբ այն ժամանակուան քահանայապետին։

15 ապրիլ 1998ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը, գերապայծառ Հումմեսը նշանակած է Սան Փաուլոյի որպէս արքեպիսկոպոս մետրոպոլիտ։ 15 փետրուար 21ին, անուանուած է կարդինալ , հուսկ 2005ին, իբրեւ կարդինալ մասնակցած է Ժոզէֆ Պենետիկտոսը քահանայապետ ընտրելու կարդինալներու ժողովին։

Պենետիկտոս ԺԶ Պապին օրով նշանակուած է Կղերին ժողովի կառավարիչ։ Ապա
29 յունիս 2020ին,նշանակուած է Ամազոնի եկեղեցական համահաւաք դասի նախագահ։

Կարդինալ Հումմեսին մահով, կարդինալական դասը այժմ կը հաշուէ քահանայապետ ընտրելու իրաւունք ունեցող 116 կարդինալներ եւ 91 քահանայապետ ընտրելու իրաւունք չ՝ունեցող ծիրանաւորներ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2022, 09:26