Որոնել

Գիւղատնտեսութիւն Գիւղատնտեսութիւն 

Սուրբ Աթոռը երիտասարդներուն. «Իմաստութիւնն ունիք աշխարհի մէջ անօթութիւնը դադրեցնելու համար»

Հռոմի ՖԱՕի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդ գիւղատնտեսներուն յատկացուած, «Երիտասարդութիւնն ու գիւղատնտեսութիւնը, յոյսով նայիլ ապագային» խորագիրով գիտաժողովը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կազմակերպութեամբ, քահանայապետական մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան  համար Վերատեսչութեան, Վատիկանեան Քովիտ 19 յանձնախումբին, Ֆրանչիսկոսի տնտեսութեան շարժումին, ՖԱՕ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի Ներկայացուցչութեան, Հռոմի ՖԱՕի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդ գիւղատնտեսներուն յատկացուած, «Երիտասարդութիւնն ու գիւղատնտեսութիւնը, յոյսով նայիլ ապագային» խորագիրով գիտաժողովը, որուն նպատակն է «երաշխաւորել բոլորին առողջ սնունդ եւ խթանել արդիւնաբեր ու խաղաղ ապագայ, առանց ոչ մէկը ետին ձգելու»։

Գիտաժողովին ընթացքին արտասանած ելոյթին մէջ գերապայծառ Ֆերնանտօ Քիքա Արելլանօ առողջ եւ անվտանգ սնունդի ծիրէն ներս հրամայական նկատեց երիտասարդներու ներգրաւումը, պահպանելով անոնց գաղափարները յոռետեսութեան եւ տագնապի ժամանակից ալիքներէն։

ՖԱՕ ի մօտ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչ յորդորեց ընկերանալ երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք կարենան բացայայտել իրենց ուժը, կազմաւորել ու արհեստ սորվեցնել, ապահովուելու համար իրենց ու հարազատներուն արժանավայել ապագայ մը։

Գերապայծառ Արելլանօ ելոյթին մէջ նկատել տուաւ որ երիտասարդները ունին անհրաժեշտ իմաստութիւնը՝ օգնելու եւ աշխարհի անօթութիւն դադրեցնելու համար ու ասոր համար հրամայական է ներգրաւել զանոնք գիւղատնտեսութեան եւ հասարակութեան մէջ,

«Երիտասարդները իրապաշտութեան, շօշափելիութեան բարեկամներն են եւ ոչ թէ բանաստեղծութեան եւ խոստումներուն, որոնք հմայիչ ու գեղեցիկ են սակայն խոչընդոտներու կը հանդիպին իրենց իրականացման համար եւ չէ կարելի հիասթափեցնել նոր սերունդները» ըսաւ ՖԱՕ-ի մօտ սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2022, 11:54