Որոնել

settimana-laudato-si-ENG.jpg

22-29 Մայիսը «Գովեալ ըլլաս»ի Շաբաթ

Արդեն աւանդոյթ դարձած շաբաթը կը նախատեսէ հարիւրաւոր ընդհանրական, տարածաշրջանային և տեղական միջոցառումներ՝ կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ պայքարին ուղղուած ջանքերը համախմբելու նպատակով
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Laudato si'– Գովեալ ըլլաս» Քահանայապետական շրջաբերականը կը բոլորէ իր եօթներորդ տարեդարձը: Սուրբ Աթոռի Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան ժողովը, ինչպէս ամէն տարի, կազմակերպած է «Գովեալ ըլլասին» նուիրուած մէկ շաբաթ տեւողութեամբ տօնախմբութիւն, որ կը կայանայ Մայիսի 22-էն 29-ը:

18 Յուլիս 2015-ին լոյս տեսած Շրջաբերականի առաջնային նպատակն է նպաստել բնապահպանութեան խնամքին։

Հարիւրաւոր միջազգային և ընդհանրական ուսումնաժողովներու, հանդիպումներու և այլ միջոցառումներու շարքին այս տարի յատուկ ուշադրութեան կ’արժանանան բնիկները՝ անոնց ձայնը լսելի դարձնելը:

Վերջիններուս նուիրուած միջոցառումին կը մասնակցի Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան գերատեսչութեան քարտուղար` քոյր Ալեսանտրա Սմերիլին:

«Գովեալ ըլլասի» շաբաթուայ իւրաքանչիւր օրը կ’արտացոլայ Շրջաբերականի եօթ նպատակներէն մէկը:

Առանձնացուած կարևոր հարցերէն են, թէ ինչպէս կաթողիկէները կրնան դիմակայել կենսաբազմազանութեան փլուզումին, կը քննարկուի նաև հանածոյ վառելիքի դերը հակամարտութիւններու և կլիմայական ճգնաժամի մէջ և թէ ինչպէս կրնանք բոլորս ընդունիլ աղքատները մեր առօրեայ կեանքին մէջ:

Շաբաթուան ծրագիրը

Մեկնարկը՝ Երկուշաբթի Մայիս 22-ին, բնաբանը՝ «Պատասխանել մոլորակի աղաղակին»: Միացեալ Ազգերու կենսաբազմազանութեան նուիրուած համաժողովին ընդառաջ, Սուրբ Աթոռի այս թեմայի ծիրէն ներս եռանդուն զրոյցը կը կենտրոնանայ բնիկներու ձայնը լսելի դարձնելու վրայ:

Երեքշաբթի 23 Մայիսի բնաբանը՝ »Պատասխանել աղքատներու ձայնին՛:

Չորեքշաբթի, 24 Մայիսինը` «Հանածոյ վառելիք, բռնութիւն և կլիմայական ճգնաժամ»:

Հինգշաբթի, 25 Մայիսի բնաբանն է՝ «Որդեգրել կայուն ապրելակերպի ձևեր» (Համբարձումի օր):

Ուրբաթ, 26 Մայիսին՝ «Բնապահպանական դաստիարակութիւն»:

Շաբաթ, 27 Մայիսին` «Բնապահպանական հոգևորութիւն»:

եւ Կիրակի, 28 Մայիսի բնաբանն է՝ «Համայնքի տոկունութիւնը և հզօրացումը՝ որպէս մեր սիւնհոդոսական ճանապարհորդութեան մաս»:

«Գովեալ ըլլասի շաբաթուան» ամբողջական ծրագիրը, կը ներառէ համաշխարհային իրադարձութիւններ Ուկանտայի, Իտալիոյ, Իռլանդայի, Պրազիլիոյ և Ֆիլիփինի մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2022, 13:00