Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին. «Նեցուկ ենք Կարդինալ Զէնին եւ կը յուսանք, որ Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի միջեւ երկխօսութիւնը չբարդանայ։»

Կարդինալ Փարոլինի զրոյցը լրագրողներու հետ Հռոմի Գրիգորեան համալսարանին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 13 մայիսին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլին ներկայ գտնուեցաւ Հռոմի Գրիգորեան համասարանի մէջ գումարուած Յովհաննէս Պօղոս Ա պապի նուիրուած ձեռնարակին, որուն աւարին ծիրանաւորը լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ աշխարհը եւ եկեղեցի յուզող կարգ մը հարցերուն։

Զրուցելով Չինաստանի մէջ ձերբակալուած ապա ազատ արձակուած կարդինալ Զէնին մասին կարդինալ Փարոլին իր մօտիկութիւնը յայտնեց Հոնք Քոնկի մէջ ազատ արձակուած կարդինալ Ժոզէֆ Զէինն յայտնելով որ այդ իրողութիւնը պէտք չէ դիտարկուի, որպէս Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան միջեւ եպիսկոպոսներու նշանակման համաձայնագիրի ժխտում մաղթելով որ սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի միջեւ երկխօսութեան ուղեւորութիւնը չբարդանայ։

Կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ նաեւ Ուքրանիոյ պատերազմին յայտնելով որ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար գերապայծառ Ռիչարտ Կալլակեր պիտի այցելէ Քիեւ, «որուն առաքելութիւնը պիտի ծառայէ վերահաստատելու համար Վատիկանի պետական քարտուղարութեան նպատակները, ուղղուած պատերազմի դադրեցման։» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին մաղթելով որ անյապաղ սկսի լուրջ երկխօսութիւն մը առանց նախապայմաններու, գտնելու համար հարցերու լուծման ուղիները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2022, 12:21