Որոնել

Ինտոնեզիոյ մէջ Վեսաքի տօնը Ինտոնեզիոյ մէջ Վեսաքի տօնը 

Կարդինալ Այուզօ Պուտիսթներուն.« Յոյսը մեզ կը փրկէ յուսալքումէն»։

Միջ կրօնական քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարդինալ Այուզոյին պատգամը Պուտիսթներուն «Լոյսի» տօնին առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Մենք Կը գրենք այն ժամանակ, երբ մարդկութիւնը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ ճգնաժամեր։ Երրորդ տարին ան ընդմէջ , համայն աշխարհի մէջ անձեր գերի են Քովիտ 19ին պատճառած առողջապահական տագնապին։

Ունկնդրէ լուրը

Բնապահպանութեան կապուած յաճախակի բնական աղէտները բացայայտեցինմեր քաղաքացիներուն դիւրաբեկութիւնը։ Պատերազմները կը շարունակեն անմեղ արիւն թափել ու  տառապանք պատճառել։ Դժբախտաբար, կայն նաեւ այն իրողութիւնը, որ կրօնքը կ՝օգտագործուի բռնութիւնը արդարացնելու համար։ Այս տողերը գրեց Միջ կրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ, կարդինալ Միքէլ Այուզօ Կիսօ, Վեսաքի տօնին առթիւ Պուտիսթներու յղած պատգամին մէջ, ուր աւելցուած է նաեւ «Նոյնիսկ եթէ մենք ականատես կ՝ըլլանք զօրակցութեան նշաններուն՝ ի տես այդ տագնապներէն բխած ողբերգութիւններուն, կայուն արդիւնքներուն որոնումը կը մնայ դժուար։ Նիւթական հարստութեան անհանգիստ ձգտումը եւ հոգեւոր արժէքներէն հրաժարումը կը հանգեցնէ ընկերութեան ներքեւ ընդհանուր բարոյական անկումին։ Որպէս Պուտիսթներ եւ Քրիստոնեաներ, մեր կրօնական ու բարոյական պատասխանատուութեան իմաստը պէտք է մղէ՝ մարդկութեան աջակցելու համերաշխութեան իր որոնումներուն մէջ։ Կրօնաւորները իրենց վեհ սկզբունքներով պէտք են ամէն ջանք թափել յոյսի ճրագներ դառնալու թէկուզ՝ փոքր լոյսեր, որոնք կարող են լուսաւորել այն ճանապարհը որ մարդկութիւնը կ՝առաջնորդէ յաղթելու յոյժ չարիք եւ տառապանք պատճառող դատարկ հոգեւորականութեան դէմ։»

Կարդինալ Այուզօ պատգամը աւարտեց նշելով, որ «Կրնանք մարդկութիւնը օգնել դիմացկուն դառնալու՝ բացայատելով հոգեւոր աւանդութիւններու տակ թաքնուած գանձերը։ Համոզուած ենք, որ յոյսը մեզ կը փրկէ յուսաքլումէն։ Եկէք միասին աշխատինք աւելի լաւ վաղուան համար։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2022, 11:22