Որոնել

g1.jpg

«Ուքրանիան իրաւունք ունի պաշտպանուելու, բայց զգոյշ ըլլանք սպառազինութեան մրցավազքէն». Գերապայծառ Կալլակէր։

Սուրբ Աթոռին Պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը` Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր Իտալական հեռուստակայանի «Tg2 post» ծրագրին տուած մէկ հարցազրոյցի ընթացքին խօսեցաւ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի մասին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եկող շաբթուայ չորեքշաբթի օրուընէ սկսեալ Սուրբ Աթոռին Պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը` Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր պիտի այցելէ Ուքրանիան ու յատկապէս մայրաքաղաք Քիեւը որուն առնչութեամբ Ան Իտալական հեռուստակայանի «Tg2 post» ծրագրին ընթացքին կատարած միջամտութեամբ խօսեցաւ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի մասին։

Գերապայծառ Կալլակէր անգամ մը եւս ուզեց շեշտել թէ Ֆրանչիսկոս Պապը լաւապէս կը ճանչնայ ապահովութեան, ինքնապաշտպանութեան համակարգին արժէքը, բաւ է` որ ան ըլլայ «համաչափ»։

Միշտ տեղ տալ երկխօսութեան

Քահանայապետը ուշադիր ու մտահոգ է «սպառազինութեան մրցավազքին» նկատմամբ ու Անոր համար պէտք է` որ միշտ «տեղ տալ երկխօսութեան եւ բանավէճի` ձեռք բերելու համար խաղաղութիւնը»։

«Ուքրանիան իրաւունք ունի պաշտպանուելու» հաստատեց Վատիկանի ներկայացուցիչը ընդգծելով` որ «հարկաւոր է սակայն խուսափիլ սպառազինութեան մրցավազքէն, որովհետեւ, «կը գտնուինք վտանգաւոր պատերազմի մը դիմաց իր «հիւլէական հարթութեամբ»։

Սուրբ Աթոռին դիրքը հիմնուած է երկխօսութեան ջանքերուն վրայ, պէտք է միշտ լուծումներ որոնել, մենք մեզ դնելով միջազգային հասարակութեան տրամադրութեան տակ»։

Քահանայապետին մօտիկութիւնը

«Սուրբ Աթոռը միշտ երկխօսութեան տարածքներ կը ստեղծէ խթանելու համար համաձայնութիւնը» նշեց գերապայծառ Կալլակէրը որ պատասխանելով հարցումին թէ եթէ բաւարար են Սուրբ Աթոռին ցուցաբերած զօրակցութեան նշանները` ինչպէս յանուն քահանայապետին երկու կարդինալներու ճամբորդութիւնը Ուքրանիա, Ան նշեց թէ «Ո՛չ. բաւարար չեն, բայց անոնք կարեւոր արարքներ են մատուցելու համար յոյս ու քաջալերանք» Քահանայապետին կողմէ որ մեծ զգայնութիւն ունի մարդկութեան տառապանքներուն առջեւ եւ կ՜ուզէ այդ տանջանքները ցոյց տալ համայն աշխարհին։

Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի դերը

Գերապայծառ Կալլակէրը անդրադարձ կատարեց միջազգային գետնի վրայ դերակատարներուն սկսեալ Միացեալ Նահանգներէն եւ Չինաստանէն, «որոնք ըսաւ Ան մեծ դեր մը ունին կատարելիք» եւ ունին նաեւ «մեծ բարոյական պատասխանատուութիւն մը»։

Յատուկ մատնանշում կատարելով Չինաստանի հետ փոխյարաբերութիւններու մասին Գերապայծառ Կալլակէրը յստակացուց թէ «Սուրբ Աթոռը Չինաստանի հետ երկխօսութիւնը յառաջ կը մղէ բազմաթիւ տարիներէ ի վեր ու յատկապէս եկեղեցական չափանիշով»։

Համամիութենական երկխօսութիւնը

Միշտ ալ դիւրին չէ այդ մէկը, յաճախ կան դժուարութիւններ եւ միշտ ալ չենք յանգիր յուսացուած արդիւնքներուն բայց «Սուրբ Աթոռը կը քաջալերէ Չինաստանը աշխարհին մէջ իրեն վերապահուած դերը կատարելու» ըսաւ ի միջի այլոց Վատիկանի դիւանագէտը որ անդրադարձաւ նաեւ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ հետ երկխօսութեան մասին ու այս ուղղութեամբ հաստատեց որ «Համամիութենական երկխօսութիւնը առաջնահերթութիւն է Քահանայապետին համար, նոյնիսկ եթէ այս պահուս Քիրիլ Պատրիարքին հետ հանդիպումը անտեղին է, որովհետեւ չկան պատշաճ պայմանները։ Բայց եւ այնպէս երկխօսութիւնը յառաջ պիտի երթայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2022, 09:00