Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Կարդինալ Անճելօ Սոտանոն Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Կարդինալ Անճելօ Սոտանոն 

Ոչ եւս է կարդինալ Անճելօ Սոտանոն։ Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական գիրը։

Կարդինալ Սոտանոն եղած է երկու քահանայապետերու Վատիկանի պետական քարտուղար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 27 մայիսին, երեկոյեան կեանքէն հեռացաւ 94 ամեայ Կարդինալ Անճելօ Սոտանոն, որ իր առաքելական ծառայութիւններուն շարքին եղած է երկու Քահանայապետերու՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Պենետիկտոս 16 քահանայապետերուն օրերուն, Վատիկանի պետական քարտուղարը, ինչպէս նաեւ կարդինալական դասին երբեմնի աւագ երեց կարդինալը։

Կարդինալ Անճելօ Սոտանօ անցեալ 9 մայիսէն, թոքերու հիւանդութեան պատճառով կը գտնուէր Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ, Քովիտ 19 համաճարակով վարակուելէ ետք։

Կարդինալ Սոտանոյի կենսագրականը

Հանգուցեալ կարդինալը ծնած է Իտալիոյ Իզոլա Տասդի քաղաքին մէջ։ 23 նոյեմբեր 1927ին։ Ան իմաստասիրական եւ աստուածաբանական ուսումները աւարտած է իր ծննդավայրին նորընծայարանէն ներս, ապա Հռոմի Գրիգորեան համալսարանի մէջ աստուածաբանութեան ճիւղէն ներս վկայուած է տոքթորայի տիտղոսով հուսկ՝ Հռոմի Լատերանեան քահանայապետական համալսարանի մէջ ուսանած է եկեղեցական իրաւագիտութիւն։

23 սեպտենբեր 1950ին, ձեռնադրուած է քահանայ իր ծննդավայրին մայր տաճարին մէջ։ 1959ին, այն ժամանակուան Վատիկանի պետական քարտուղարութեան տեղակալ քարտուղար կարդինալ Անճելօ Տէլլ Աքուայի հրամանոով կանչուած է ծառայելու սուրբ Աթոռի ներս, ծառայելով որպէս առաքելական նուիրակ էքուատորիյ, Ուրուկուէյի եւ Չիլէի մէջ։

30 նոյեմբեր 1977ին, Սուրբ Պօղոս Զ-ի օրով, կ՝անուանուի Նովա Տի Չէսարէին տիտղոսաւոր եպիսկոպոս։ 15 յունուար 1978ին, կ՝օծուի եպիսկոպոս ու 10 տարի անդադար կը ծառայէ Լատին Ամերիկիոյ վերոյիշեալ քաղաքէն ներս։

1988ինն, սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի օրով կարդինալ Սոտանօ կ՝անուանուի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար ,յատուկէն զբաղելով Ռուսիոյ համար քահանայապետական յանձնախումբին, հետագային դառնալով յանձնախումբին նախագահը։

29 յունիս 1991ին, կարդինալ անուանուելէ մէկ օր ետք կը նշանակուի Վատիկանի պետական քարտուղար։ 2002ին, կ՝ընտրուի կարիդնալկան դասին աւագ երեցի փոխանորդ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին օրերուն Պետական քարտուղար հաստատուելէ ու ապա աւելի ուշ այդ պաշտօնէն հրաժարելէ ետք, Վատիկանի պետական քարտուղար կը նշանակուի Կարդինալ Պերթոնէ։

Կարդինալ Անճելօ Սոտանոյի վախճանումով, կարդինալ դասը այժմ կը հաշուէ 208 ծիրանաւորներ՝ որոնց 117 քահանայապետ ընտրելու իրաւունքունեցող կարդինալները եւ 91՝ ոչ իրաւունք ունեցող։

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական գիրը։

Կարդինալ Սոտանոյի վախճանման ի լուր ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիր յղեց, որուն մէջ իր խոր ցաւը ու գնահատանքը յայտնեց Ծիրանաւորին եկեղեցիէն ներս մատուցած ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ նախ Ասթի թեմին մէջ քահանայական կեանքը վեհանձն հոգիով ապրելու համար ապա սուրբ Աթոռի մէջ մատուցած ծառայութիւններուն համար։

Ցաւակցական գիրին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց կարդինալ Սոտանոյին դիւանագիտական մարզէն ներս, մատուցած ծառայութիւնները, նախ իբրեւ պապական նուիրակ, Էքատուտոորի, Ուրուկուէի եւ Չիլէի Մէջ ապ Վատիկան պետական քարտուղարութեան եւ կարդինալական դասին աւագ երեցի պաշտօններ, «իւրաքանչիւր պաշտօնին մէջ եղած է եկեղեցական կարգասէր մարդ, ընտրելի հովիւ, խրախուսուած ամենուրեք աւետարանի թթխմոր տարածելու։» գրեց ֆրանչիսկոս Պապ, Ան ապա ապահովուելով իր աղօթքը առ Աստուած հանգուցեալին հոգիի յաւիտենական հանգստեան համար իր մօտիկութիւնը յայտնեց Ասթիկանային հասարակութեան, տալով իր օրհնութիւնը բոլոր անոնց, որոնք կը կիսեն կարդինալ մահուան ցաւը։ Ֆրանչիսկսո Պապ ցաւակցական գիրը աւարտեց, յիշելով ու իր գնահատանքը յայտնելով Սանթա Մարթայի մայրապետներուն ու բոլոր անոնց որոնք սիրով խնամք տարին կարդինալ Սոտանոյին ։
 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2022, 08:58